«Տրդատ Ա.» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ փոխարինվեց: ր , → ր, oգտվելով ԱՎԲ
Չ clean up, փոխարինվեց: → (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 8.
[[1-ին դար]]ի կէսերէն նոր փուլ սկսաւ հայ-պարթեւական յարաբերութիւններուն մէջ։ [[Պարթեւաստան]]ի մէջ, գահ բարձրացած՝ [[Վաղարշ Ա.]] Արշակունին ([[51]]-[[80]]) իր եղբօր՝ Տրդատի հետ [[52]] թուականին կը մտնէ՝ Մեծ Հայք։ Պարթեւները կ'օգնեն հայերուն դուրս վտարելու հռոմէական դրածոները եւ անոնց կողմէն՝ թագաւոր հռչակուած [[Հրադամիզդ (արեւմտահայերէն)|Հրադամիզդ]]ը, որ շուտով կը փախչի [[Վրաստան (արեւմտահայերէն)|Վիրք]]՝ հօրը քով։ Տրդատ Մեծ Հայքի թագաւոր կը հռչակուի <ref name="ֆայնդ">[http://www.findarmenia.com/arm/history/18/106/108 Հայ-պարթեւական մերձեցումը: Տրդատ Արշակունին (52/66-76) հայոց թագաւոր]</ref>։
[[Պատկեր:Italia, anonimo, nerone, dorato, 1550 ca..JPG|մինի|ձախից|[[Ներոն]]]]
[[Հռոմէական կայսրութիւն]]ը պատերազմ կը յայտարարաէ [[Պարթեւաստան]]ի եւ Տրդատի դէմ, որ որոշ ընդհատումներով կը տեւէ տասը տարի ([[54]]-[[64]])։ Առաջին փուլին մէջ [[Կորբուլոն (արեւմտահայերէն)|Կորբուլոն]] զօրավարը [[58]] թուականի գարնան [[Կարին (արեւմտահայերէն)|Կարին]]– [[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]] – [[Արտաշատ (արեւմտահայերէն)|Արտաշատ]]ի ուղիով կը ներխուժէ Մեծ Հայք։ Նոյն ատեն [[Միջին Ասիա (արեւմտահայերէն)|Միջին Ասիոյ]] ցեղերու յարձակումներու պատճառով Վաղարշը ստիպուած զօրքի մեծ մասը դուրս կը բերէ Մեծ Հայքէն եւ կ'ուղղէ Միջին Ասիա։ Հռոմէացիները կը հասնին Արտաշատ, կը գրաւեն եւ կ'աւերեն զայն։ Տրդատ իր փոքրաթիւ ուժերով կը հեռանայ [[Ատրպատական (արեւմտահայերէն)|Ատրպատական]], որու թագաւորը անոր եղբայրն էր՝ Բակուրը։ [[59]] թուականին, Կորբուլոնի զօրքերը կը շարժին դէպի [[Տիգրանակերտ (մայրաքաղաք)|Տիգրանակերտ]] եւ հռոմէացիները կը գրաւեն զայն։ Հայոց գահին կը բարձրանայ Կապադովկիոյ թագաւորական ընտանիքէն՝ [[Տիգրան Զ.]]-ն, որու գահակալութիւնը մեծ դժգոհութիւն կ'առաջացնէ երկրին մէջ։ Շուտով Վաղարշը ու Տրդատը դարձեալ մեծ զօրքով կը մտնեն Մեծ Հայք եւ ժողովուրդին օգնութեամբ գահընկեց կ'ընեն Տիգրանը, որ շուտով կը փախչի երկրէն։ [[61]]-ին, Կորբուլոն [[Մծբին (արեւմտահայերէն)|Մծբին]] քաղաքին մէջ զինադադար կը կնքէ եւ Տրդատը կը հռչակէ՝ Հայոց թագաւոր։
 
Արեւելք կ'ուղարկէ նոր զօրաբանակ՝ [[Պետոս (արեւմտահայերէն)|Պետոս]] զօրավարի գլխաւորութեամբ։ [[61]]-ի [[աշուն (արեւմտահայերէն)|աշնան]]՝ հռոմէացիները դարձեալ կը ներխուժեն Մեծ Հայք եւ կը շարժին դէպի Տիգրանակերտ։ Սակայն հայերու համար դիմադրութիւնը կը ստիպէ Պետոսին կանգ առնել [[Հռանդեայ]] կոչուող վայրին՝ [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանի]] գետի հովիտին մէջ։ Շուտով Պետոսի ճամբարը կը յայտնուի հայ-պարթեւական բանակի շրջափակման մէջ։ [[62]]-ի [[գարուն (արեւմտահայերէն)|գարնան]] տեղի կ'ունենայ [[Հռանդիոյ ճակատամարտ]]ը, ուր հռոմէացիները ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն եւ Պետոս հաշտութիւն կը խնդրէ։ Յաղթողները ծաղրուծանակի ենթարկելով հռոմէացիները, կը ստիպեն անոնց անցնիլ երեք նիզակներով պատրաստուած «անարգանքի լուծի» տակով<ref name="ֆայնդ" />։
Տող 17.
Տրդատ Ա. վերադառնալով Հայաստան՝ կը զբաղի երկրի տնտեսութեան վերականգնմամբ եւ շինարարական աշխատանքներով։ Կը վերականգնուի՝ Արտաշատ մայրաքաղաքը, որ կը ստանայ նախկին շուքը։ Հռոմէացի պատմիչներու վկայութեամբ՝ անիկա կը կոչուի ''«Ներոնեայ»։''
 
Մայրաքաղաքէն ոչ հեռու՝ [[Ազատ գետի (արեւմտահայերէն)|Ազատ գետի]] հոսանքով դէպի վեր՝ [[Գառնի (արեւմտահայերէն)|Գառնի]]ի մէջ, կը կառուցուի հզօր բերդ, ինչպէս նաեւ՝ արքայական բաղնիք եւ այլ կառոյցներ։ [[Գառնիի հեթանոսական տաճար]]ը կառուցուած էր [[77]]-ին՝ [[Հռոմ (արեւմտահայերէն)|Հռոմ]]ի [[Քոլիզէյ]]էն երեք տարի առաջ։ Կ'ենթադրուի, որ տաճարը նուիրուած է արեւու աստուած՝ [[Հելիոս (արեւմտահայերէն)|Հելիոս]]-[[Միհր (արեւմտահայերէն)|Միհր]]ին։ Միհրը, իբրեւ լոյսի, ճշմարտութեան խորհրդանիշ, յաճախակի պատկերուած է ցուլի (խաւարի) դէմ մենամարտելու ատեն։ Տաճարին մօտ գտնուած է սպիտակ մարմարէ քանդակուած ցուլի կճղակ, որ պատկանած է քրիստոնէական կրօնի տարածման ժամանակ ոչնչացուած հեթանոսական կուռքին
<ref>[http://www.findarmenia.com/arm/history/18/124/125 Շինարարական արուեստը, ճարտարապետութիւնը, կերպարուեստը]</ref>։ Այնտեղ կը կառուցուի ամրոց ու բաղնիք։ Գառնիի մէջ պահպանուած է [[յունարէն]] ձգած հետեւեալ արձանագրութիւնը
{{քաղվածք|''Հելիոս (արեւ) Տիրիդատես թագաւոր Մեծ Հայքի, թագւորելով իբրեւ դեսպոտ կառուցեց պայծառափայլ թագուհիի համար 11-րդ տարուան իր թագաւորութեան''|Տրդատ Ա}}
Տող 28.
Ամրոցին հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուած է ջրամբարը, հարաւ-արեւմտեան մասի յատակի տակ՝ կրակարանը ջուր տաքցնելու համար։ Պահպանուած է բաղնիքի խճանկարով յատակը, որ 15 գոյնի բնական քարերով կը պատկերացնէ ծովային տեսարաններ։ Գիտական-գեղարուեստական մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հանդերձարանի խճանկարը, որ նախաքրիստոնէական Հայաստանի կոթողական գեղանկարչութեան յուշարձաններէն է։ Խճանկարի վրայ պատկերուած է ծով, ուր ներկայացուած են տարբեր աստուածութիւններ, ջրահարսներ, մարդ, ձկնորս, բազմապիսի ձուկեր եւ այլն։ Պատկերներուն մէջ, կան ծովու հետ կապուած զանազան արտայայտութիւններ («''Ծովու խորք''», «''Ծովային անդորր''» եւ այլն) ու աստուածներու անուններ (''Գլաւկոս'', ''Թետիս'', ''Էրոս'' եւ այլն)։
 
Տրդատ թագաւոր երկու անգամ՝ [[72]] եւ [[75]] թուականներուն, կը հակահարուածէ հիւսիսէն ներխուժած ալանական ռազմատենչ ցեղերու աւարառուական արշաւանքներուն։
 
Տրդատի կը յաջորդէ որդին՝ [[Սանատրուկ (արեւմտահայերէն)|Սանատրուկ]] Արշակունին ([[88]]-[[110]])։ Սանատրուկը կը հիմնէ [[Մծուրք (արեւմտահայերէն)|Մծուրք]] քաղաքը՝ [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանի]]ի ափին, [[Մշոյ դաշտ]]ին մէջ։ Սակայն հետագային, ան կը կործանի երկրաշարժէն։ Սանատրուկի գահակալումը կ'անցնի համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ<ref>[http://www.findarmenia.com/arm/history/18/109/110 Սանատրուկ թագաւոր։ Քրիստոնէութեան տարածման սկիզբը Հայաստանի մէջ։ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներ]</ref>։
 
==Արշակունիներու Հարստութիւն==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Տրդատ_Ա.» էջէն