«Փորթուկալ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 92.
== Պատմութիւն ==
=== Հնագոյն Շրջան ===
Հին քարէ դարերէն, Փորթուկալի տարածքըտարածքին, բնակեցուածմարդիկ էրբնակութիւն հինհաստատած քարիեն դարերէն։։ Պրոնզէ դարուն Փորթուկալի հիւսիսային շրջանին մէջ զարգացած է մետաղամշակութիւնը։ Ք․Ա․ Ա. հազարամեակի բ. կիսուն, Փորթուկալի տարածքին բնակութիւն հաստատած են [[Կելտեր (արեւմտահայերէն)|կելտեր]]ը, Ք․Ա․ Դ.- Գ. դարերուն՝ լուզիտանները, որոնց հիմնական զբաղումը անասնապահութիւննանասնապահութիւնը եղած էր։է։ Ք․Ա․ Բ. դարերու սկիզբը անոնք պայքար մղած են երկիր ներխուժած հռոմէացիներուն դէմ եւ միայն Ք․Ա․ Ա. դարու վերջը Հռոմ յաջողած է կոտրել լուզիտաններու դիմադրութիւնը եւ անոնց տարածքը դարձնել Լուզիտանիա՝ Հռոմի գաւառ։ Հռոմէացիները տիրած են մինչեւ Ք․Ե․ Ե. դարու սկիզբը։
 
=== Արաբա-Սպանական Տիրապետութիւն ===
Տող 99.
=== Փորթուկալի Անկախութիւն ===
 
Հենրիի որդին՝ կոմս Աֆոնսզօ էնրիկիշը, մաւրերուն դէմ տարած մեծ յաղթանակէն ([[1139]]) ետք, ինքզինք թագաւոր հռչակած է։ Փորթուկալի անկախութիւնը Լեւոնը ճանչցած է [[1143]]-ին։ Ժգ. դարու կիսուն, Փորթուկալի տարածքը ամբողջովին ետ նուաճուած է մաւրերէն։ Ժբ.-Ժգ. դարերուն Փորթուկալի մէջ ձեւաւորուած են աւատական յարաբերութիւնները, գիւղացիներուն հիմնական մասը անձնական կախման մէջ ինկած է աւատներէն, բայց պահպանուած է աղքատ գիւղացիութեան զգալի խաւը։ Շնորհիւ Փորթուկալի յարմար աշխարհագրական դիրքին, արագօրէն զարգացած են քաղաքները ինչպէս՝ [[Լիզպոն]]։ Ժգ. դարուն ձեւաւորուած են քորթէզները։ Ժդ.- Ժե. դարերուն Փորթուկալի թագաւորները վարած են պետական իշխանութեան կեդրոնացման քաղաքականութիւն, ճնշած մեծ աւատներու խռովութիւնները, յենած՝ ծառայող ազնուականութեան ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ վրայ։ Խուան Բ. թագաւորի ([[1481]]-[[1495]]) օրով յատկապէս դրսեւորուած է թագաւորական իշխանութեան ուժեղութիւնը. ան սահմանափակած է մեծ աւատներու իրաւասութիւնները, դաժանօրէն ճնշած [[1483]]-[[1484]]-ի աւատական խռովութիւնը։
[[Պատկեր:Sines06 edit1.jpg|ձախից|մինի|180px|Վաշքու տա Կամայի արձանը, որ 1498-ին կը բացայայտուի դէպի [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|Հնդկաստան]] տանող ծովային ուղին]]
 
=== Գաղութատիրական Ժամանակաշրջան ===
 
Բացարձակապետութեան ամրապնդման հետ կապուած է արտաքին գրաւումներու քաղաքականութիւնը։ Ծովային առաջին արշաւանքներու կազմակերպիչը եղած է՝ արքայազն Հենրի Ծովագնացը։ [[Փորթուկալացիներ|Փորթուկալցիներ]]ը գրաւած են Փորթու Սանթու ([[1419]]), [[Մատէյրա]] ([[1420]]) կղզիները, Ազորեան շարք մը կղզիներ ([[1432]]), յենակէտեր ստեղծածստեղծած՝ [[Ափրիկէ]]ի արեւմտեան ծովափին։ [[Վասքօ Տա Կամա]]յի կողմէ [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|Հնդկաստան]] տանող ծովային ուղիի յայտնագործումով ([[1498]]) սկսած է [[Փորթուկալցիներ]]ու նուաճումները [[Արեւելեան Ափրիկէ]]յի մէջ, [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|Հնդկաստան]]ի մէջ եւ [[Հարաւ-Արեւելեան Ասիա|Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ]] մէջ։ Ժզ. դարու 40-ական թուականներուն նուաճած են [[Պրազիլ]]ը: Փորթուկալը իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասած է Մանուէլ Ա. թագաւորի ([[1495]]-[[1521]]) օրով (գրաւուած են Մոզամպիքը, Կոան եւ Տիուն (Հնդկաստանի մէջ), Մալաքքան, Օրմուզը, Մալայ Արքիբէլայոնը եւ քանի մը կղզիներ)։ Հեռաւոր Արեւելեան ամբողջ առեւտուրը անցած է [[Փորթուկալցիներ]]ուն ձեռքը։ Գաղութներու կողոպուտէն ստացուած եկամուտի մեծ մասը բաժին ինկած է աւատական եւ եկեղեցական վերնախաւին։ Հսկայական հարստութեան մուտքը տնտեսական վերելք ապահոված՝ Փորթուկալին։
 
=== Փորթուկալի Տրոհում ===
Տող 110.
 
=== Փորթուկալ պետութեան ստեղծում ===
[[1808 թուական|1808]]-ին Փորթուկալցի ժողովուրդը կ'ապստամբի [[ֆրանսա]]կան տիրապետութեան դէմ։ [[1811 թուական|1811]]-ին [[ֆրանսացիներ]]ը ստիպուած կը հեռանան երկիրէն։ [[1820 թուական|1820]]-ին Փորթուկալի մէջ կը սկսի քաղքենի յեղափոխութիւնը, որու հիմնական պահանջն էր [[Սահմանադրական Միապետութիւն|Սահմանադրական Միապետութեան]] հաստատումը։ [[1822 թուական|1822]]-ին կ'ընդունուի բոլորովին տնտեսական կողմէ ազատ սահմանադրութիւնը, նոյն տարին [[Պրազիլ]]ը ինքզինք անկախ կը հռչակէ եւ կ'անջատուի Փորթուկալէն։ Սակայն քորթէզներու ընդունած յառաջադիմականյառաջդիմական վերակազմումներու մասը չ'իրագործուիր բոլորովին տնտեսական կողմէ ազատ պուրժուազիիքաղքենի երկչոտութեան պատճառով։ [[1824 թուական|1824]]-ին արքայազն Միկէլ Պրաքանսացիին շուրջը համախմբուած աւատակղերական տարրերը պետական յեղաշրջում մը կը կատարեն, երկրին մէջ կը սկսի քաղաքացիական պատերազմը, որ կ'աւարտի սահմանադրականներու յաղթանակով։ [[1834 թուական|1834]]-ին Միկէլ Պրականսացին կը ստիպուի հրաժարիլ գահէն։ Շուտով սահմանադրականներու ձախ թեւը կը հանդիսանայ [[1822 թուական|1822]]-ի բոլորովին տնտեսական կողմէ ազատ սահմանադրութիւնը վերականգնելու պահանջով։ [[Լիզպոն]]ի մէջ կը բռնկի ապստամբութիւն մը, որ [[1836 թուական|1836]]-ին կը վերածուի քաղքենի յեղափոխութեան։ Իշխանութեան գլուխ կ'անցնին ձախ սահմանադրականները կամ սեպտեմբերեանականները, որոնց [[1842 թուական|1842]]-ին դուրս կը մղեն աջ սահմանադրականները։ Միանալով կղերա-աւատական տարրերուն հետ, աջ սահմանադրականները կը կազմեն չարթիսթներու «քարթիշթա» պահպանողական կուսակցութիւնը։ Չարթիսթներու պարագլուխ՝ զօրավար Քապրալ, կը հաստատէ ռազմական իշխանութիւնը։ [[1846 թուական|1846]]-[[1847 թուական|1847]]-ի ժողովրդական ապստամբութիւնը կը ճնշուի բանակին օգնութեամբ։ [[1851 թուական|1851]]-ին խարթիսթներու ձախ թեւէն եւ սեպտեմբերեանականներէն կը կազմուի «ռեճեներատուշ» («վերածնունդ») կուսակցութիւնը, որու ղեկավար Սալտանեան [[1851 թուական|1851]]-[[1856 թուական|1856]]-ին կը գլխաւորէ կառավարութիւնը, կ'իրականանան շարք մը տնտեսական եւ նիւթական միջոցառումներ, կը կառուցուի առաջին երկաթուղին ([[1853 թուական|1853]])։ Դրամատիրութեան զարգացման ու աղքատներու քանակի աճին հետ Փորթուկալի մէջ կը յառաջանայ ընկերվարական շարժում․ մը [[1875 թուական|1875]]-ին կը ստեղծուի ընկերվարական կուսակցութիւնը։ Միաժամանակ կը զօրանայ հանրապետական շարժումը, կը ստեղծուի հանրապետական կուսակցութիւնը։ Ի. դարու․դարու սկիզբը հանրապետական տրամադրութիւնները կը թափանցեն բանակ եւ նաւատորմ։ [[1910 թուական|1910]]-ի քաղքենի յեղափոխութիւնը կը վերցնէ միապետութիւնը։ Փորթուկալ հանրապետութիւն կը հռչակուի։ Սակայն կը պահպանուին կիսա-աւատական ուժեղ մնացուկներ եւ եկեղեցւոյ զօրեղութիւնը։զօրութիւնը։
[[Պատկեր:View from the Alto da Sapinha.JPG|կենտրոն|720px]]
=== Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ եւ Յետպատերազմեան Շրջան ===
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Փորթուկալ» էջէն