«6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
[[Պատկեր:6-7 Սեպտեմբեր.jpg|250px|մինի|աջից|Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ (İstanbul Express)]]
Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները 1955-ին կը գտնուէին Թուրքիոյ օրակարգի առաջին կարգին վրայ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, որ ամենէն ժողովրդականն էր այդ շրջանին, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան։<ref>http://taraf.com.tr/makale/7774.htm</ref>
Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները երբ Լոնտոնի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները կիպրական նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով<ref name>[http://www.radikal.com.tr/haber.php?haberno="Azınlık163380 6-7 Eylül GençleriOlayları Anlatıyor"(1)]</ref> յայտարարուեցաւ, թէ Աթաթիւրքի Սելանիկի տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքի տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան։<ref>[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/21/g4.html 6-7 Eylül Olaylarının önemli ismi Oktay Engin'in 21-22 Ocak 2001 tarihli Yeni Şafak gazetesi söyleşisi]-[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/22/g5.html devamı] URL eşirim tarihi: 2 Ağustos 2009]</ref> Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներու միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։
 
Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որու արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին ու խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու<ref name="Azınlık Gençleri Anlatıyor">{{Kitap kaynağı| son =Koçoğlu | ilk =Yahya | yazarurl = | yardımcıyazarlar= | yıl =2001 | başlık =Azınlık Gençleri Anlatıyor | yayımcı=Metis Yayınları | yer=İstanbul | id =ISBN 975-342-336-5 s.25-31}}</ref>, երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն Սեպտեմբեր 6-ին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով։<ref name="YKY"/><ref name="Azınlık Gençleri Anlatıyor"/>