«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ավելացվեց Կատեգորիա:Պատմութիւն ՀոթՔաթ գործիքով
No edit summary
Տող 13.
 
Իր յաջորդը՝ Օրխան Ա. գրաւեց Պրուսան, որ դարձաւ օսմանցի թուրքերու մայրաքաղաքը, յետոյ Նիկիան եւ Նիկոմիտիան։ Այսպէսով ԺԳ. դարու կեսերուն Բիւզանդիոն կորսնցուցած էր Փոքր Ասիոյ իր վերջին հողամասերն ալ։ Բայց օսմանցի թուրքերու պետութիւնը կը մնար փոքր պետութիւն մը, որ իր մէջ կ'առներ միայն Պրուսայի շրջանը, Նիկիան, Իզմիտը եւ Էսկի Շէհիրը։
 
== Օսմանցի Թուրքերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան Ստեղծումը ==
Փոքր Ասիոյ մնացած մասը կը գտնուէր այլ փոքր պետութեանց ձեռքը,որոնց պետերն էին սելճուք անկախ էմիրներ:
[[Յոյներ]]ու անգիտակից վերաբերումը, ինչպէս նաեւ [[Ճենովա]]յի եւ [[Վենետիկ (արեւմտահայերէն)|վենետիկ]ի միայն առեւտրական եւ կարճատես քաղաքականութիւնն էր, որ պատրաստեց օսմանցիներու տարածման ճամբան: ներքին կռիւներով պառակտուած եւ [[Պալքանեան]] սլաւ ժողովուրդներու հետ կռուի բռնուած Բիւզանդիոնը իրեն օգնութեան կանչեց օսմանցի թուրքերը, որոնք Եւրոպա ոտք դնելէ ետք գրաւեցին Կալիպոլիի թերակղզին եւ իրենց պահեցին:
Մուրատ Ա.ի եւ Պայազիտ Ա.ի որով (ԺԴ. Դարու վերջը) օսմանցի թուրքերը գրաւեցին Էտիրնէն, յոյներու դէմ մղուած կռիւէ մը ետք, եւ հոն փոխադրեցին իրենց մայրաքաղաքը: Այնուհետեւ անջատաբար ճզմեցին Պալքաններու սլաւ ժողովուրդները (պուլկաներ եւ սերպեր):
ԺԵ. դարու սկիզբը սկիզբը Պայազիտ Ա. Կը պատրաստուէր յարձակելու Պոլսոյ վրայ, երբ տեղի ունեցաւ, Լենկթիմուրի գլխաւորութեամբ , մոնկոլական երկրորդ մեծ արշաւանքը: Ինչպէս յիշեցինք, Պայազիտ Ա. Իր բանակով դէմը ելաւ Լենկթիմուրի, որ Հայաստանէն կու գար, իր անցքին վրայ ամէն ինչ բնաջնջելով: երկու բանակներուն ճակատամարտը, օսմանցի թուրքերունը Պայյազիտի եւ մոնկոլներունը Լենկթիմուրի հրամանատարութեան տակ, տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ (1402) եւ վերջացաւ թրքական բանակի պարտութեամբ: Պայազիտ Ա. Գերի ինկաւ: Լենկթիմուրի, ինչպէս ծանոթ է, ուղղուեցաւ դէպի արեւելք եւ ճամբան մեռաւ : իր կայսրութիւնը անդամահատուեցաւ: Իր արկածախնդրութիւնը այն հետեւանքը ունեցաւ սակայն, որ Պոլսոյ անկումը յիսուն տարի ուշացուց:
Մոհամէտ Ա. Եւ Մուրատ Բ., Պայազիտի յաջորդները, շատ չանցած կրցան վերահաստատել օսմաեան պետութիւնը եւ շարունակել անոր տարածումը: Մուրատ Բ., Պոլիսը գրաւելու ապարդիւն փորձէ մը ետք, հունգարացիները ջախջախեց վառնայի մէջ (1444), ապա գրաւեց Պոսնիան:Այսուհանդերձ Ալպանիոյ մէջ օսմանցի թուրքերը բախեցան լեռնային այս ժողովուրդի սքանչելի մէկ դիմադրութեան , ղեկավարուած իրենց ազգային մեծ հերոսին՝ Սքանտէր պէկի կողմէ: Ան մեծցած էր սուլթան Մուրատ Բ.ի պալատին մէջ, իսլամական կրօնքով: իր երկիրը դառնալով՝ան վերադարձաւ իր հայրերու կրօնքին, անցաւ իր ժողովուրդին գլուխը եւ կրցաւ դէմ դնել թրքական ուժերուն: Օսմանցիները անոր մահէն ետք միայն յաջողեցան տիրել Ալպանիոյ, 1467ին:
Մուրատ Բ.ի որրին եւ յաջորդը Մոհամէտ Բ. Ուզեց աւարտել իր նախորդներուն սկսած գործը՝ գրաւելով Պոլիսը: 1453 Մայիս 29ին, 200.000 հոգինոց բանակով մը եւ երկու ամիս տեւող յիշատակելի պաշարումէ մը ետք ան գրաւեց Պոլիսը: Բիւզանդական փոքր բանակը,լքուած իրենց ճակատագրին,հերոսական դիմադրութիւն մը ցոյց տուին, փրկելով գէթ իրենց պատիւը:
 
 
== Աղբիւրներ ==