Ընկերային Փիլիսոփայութիւն

Ընկերային փիլիսոփայութիւնը գոյութիւն ունի շատ հին օրերէ պատմութեան մէջ:

Մշակոյթի պատմութեան մէջ հասարակութեան մասին առաջին գիտելիքները ձեւաւորուած են հին աշխարհին մէջ, մինչդեռ հասրակութեան մասին գիտութիւնները ձեւաւորուած են շատ աւելի ուշ: Մինչեւ օրս կան որոշ մտածողներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն հասարակութեան մասին գիտութեան գոյութեան հարցը եւ իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն` ելլելով անոնցմէ, որ հասարակութիւնը կազմուած է ազատ կամքով եւ ստեղծագործական գործունէութեամբ օժտուած անհատներէ, որոնց գործունէութիւնը օրինաչափութեան չի ենթարկուիր: Այդ իսկ պատճառով ալ հասրակութեան մէջ չկան եւ չեն ալ կրնար ըլլալ առարկայական օրէնքներ եւ օրինաչափութիւններ, եւ նման պարագաներու մէջ խօսիլ հասարակական գիտութեան գոյութեան մասին անիմաստ է[1]:

Գույութիւն ունի նաեւ հակառակ տեսակէտը (օրինակ՝ մարքսիսթներու), համաձայն որուն` հասարակութեան օրէնքները գոյութիւն ունին մարդոց կամքէն ու գիտակցութիւնէն անկախ, եւ հասարակական զարգացման օրէնքներն ու օրիաչափութիւնները նոյնքան առարկայական են եւ անհարժեշտ, որքան բնութեան օրէնքները: Ըստ այդմ ալ նոյնքան առարկայական են հասարակութեան մասին գիտութիւնները, որքանով որ առարկայական են բնութեան մասին գոյութիւն ունեցող գիտութիւնները[2]:

Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը, փիլիսոփայութեան մէջ գերակայողը եղած է հասարակութեան գաղափարապաշտական մեկնաբանութիւնը: Հասարակութեան զարգացման օրէնքներն ու օրինաչափութիւնները գաղափարապաշտօրէն կը բացատրուէին ոչ միայն գաղափարապաշտները, այլեւ նիւթապաշտները: Եւ ինչպէս յաճախ կ'ըսէին նիւթապաշտները՝ անոնք էինք ներքեւը, այսինքն բնութեան երեւոյթները բացատրելու համար, իսկ գաղափարապաշտները վերն են, այսինքն հասարակական երեւոյթներու բացատրման բնագաւարին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել