Հիւսիս-Աթլանթեան Դաշինքի Կազմակերպութիւն (անգլերէն՝ North Atlantic Treaty Organization, ֆրանսերէն՝ Organisation du traité de l'Atlantique nord)[1], Հիւսիս-Աթլանթեան պայմանագիրը ստորագրած անդամ-երկրներու ստեղծած ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւն, որու նպատակն է հետապնդել հաւաքական անվտանգութեան եւ պաշտպանութիւն պարտականութիւններու իրականացումը։ Յաճախ կ'անուանուի ՕԹԱՆ կամ ՆԱՏՕ ֆրանսերէն կամ անգլերէն բառերու հապավումով, բայց յաճախ կը կիրառուի Աթլանթեան Դաշինք անուանումը կամ աւելի կարճ՝ Ալիանս կամ Դաշինք։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել