Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան
Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան (1975)
Աւազանի անունով Մովսէս, որդի Ասատուրի եւ Մատլէնի, ծնած է Հալէպ, 1975-ին։
Նախակրթութիւնը ստացած է Կրթասիրաց վարժարանի մէջ, 1987-ին, ապա յաճախած է Կիլիկեան ճեմարանի միջնակարգը, մէկ տարի։
Այնուհետեւ, ան կը մտնէ ազատ ասպարէզ, որ կը հետեւի ոսկերչութեան. միաժամանակ մաս կը կազմէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ կը յաճախէ Կիրակնօրեայ վարժարան։
Կը կատարէ սուրիական բանակի ծառայութիւնը։
Եկեղեցւոյ ծառայութիւնն ու Կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելը զինք կ'առաջնորդեն հոգեւոր կեանքի եւ ամուսնացեալ քահանայութեան։
Կրօնական ըլլալու վերջնական որոշումը կը փոխանցէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի եւ Կրօնական Ժողովին։
Իր քահանայական թեկնածութիւնը ընդունելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնարարագիրով, մուտք կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Զարեհեան» դպրեվանք, 1997-ին։
Երկու տարի կը հետեւի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն, կը ստանայ համապատասխան վկայական ու կը վերադառնայ Հալէպ։
Կը պատրաստուի ամուսնութեան եւ կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Բալկեան ընտանիքի դուստրը՝ Օրդ. Սեւանը, որուն հետ կը պսակուի 5 Օգոստոս 1999-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Սահան Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի ու մասնակցութեամբ Հալէպի քահանայ հայերուն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր որոշումով կը ճշդուի իր ձեռնադրութեան թուականը։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս տօնին, 3 Դեկտեմբեր 1999-ին, վերակոչուելով Տ. Վազգէն։
Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը կ'անցընէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջաբակի յարակից սենեակին մէջ։
Նորընծայ Տէր Վազգէն իր անդրանիկ պատարագը կը մատուցանէ Ս. Յակոբ մատրան մէջ։
Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Տէր Վազգէն հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ կրօնի դասատու՝ Ազգ. Նահատակաց վարժարանէն ներս։
1 Յունուար 2000-ին, կը հաստատուի Լաթաքիա, ուր կը ծառայէ երկու տարի, ապա կը տեղափոխուի Տէր Զօր, կը ծառայէ տեղւոյն փոքրաթիւ գաղութին ու Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ կրօնական նիւթեր կը դասաւանդէ գաղութի զաւակներուն։ Մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր թոյլտուութեամբ՝ Տէր Վազգէն 2003-ին կը տեղափոխուի Նոր Ջուղա, Պարսկաստան, տեղւոյն Առաջնորդ Գիրպ. Տ. Շահան. Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի հրաւէրով։
Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կը քահանայագործէ պատմական այդ գաղութին մէջ, տեղւոյն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյն՝ իր վկայութեամբ, «մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ կը քահանայագործեմ Նոր Ջուղայի մէջ»։ Ան իր ընկերային նկարագրով, շուտով կ'ընտելանայ ժողովուրդին փառքերուն, սովորութիւններուն ու տեղական աւանդութիւններուն։ Սիրով ու քահանայական կոչումի գիտակցութեամբ կապուած է իր հօտին, առաջնորդին եւ եկեղեցւոյ։ Խնդումերես եւ ուրախ տրամադրութեամբ հոգեւորական մըն է։
Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան համար, ան կ'արժանանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունքին 2007-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառէն եւ յառաջնորդութեան Նոր Ջուղայի Հայոց Թեմի՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի։
Կ'աղօթենք, որ Տէրը օրհնաբեր դարձնէ իր ծառայութիւնն՝ Աստուծոյ փառքին, հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան, իր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի շինութեան ու բարօրութեան ի խնդիր Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 386[1]։։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 386։