Վահան Ա. Քհնյ. Կիւլտալեան

Վահան Ա. Քհնյ. Կիւլտալեան (1877-1945), Աւազանի անունով Աւետիս, ծնած է Այնթապի մէջ, 1877-ին։ Հայրը եղած է Այնթէպի եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մին։

Աւետիս, որ կոչուած է նաեւ Արտաշէս, նախակրթութիւնը ստացած է Ազգ. Ներսէսեան Վարժարանին մէջ, ապա Աթենական վարժարանի, որմէ ետք, որպէս ձրիավարժ ուսանող ընդունուած է Կեդրոնական Թուրքիոյ Քոլէճին մէջ, պայմանաւ, որ ընթացաւարտ ըլլալէ ետք պիտի աշակերտէ Մարաշի Աստուածաբանական հաստատութեան։

1895-ին մտած է քոլէճ եւ եղած ֆրէշմէն կարգի ուսանող։ Անգլերէնի յաւելեալ դասեր առնելէ ետք կը պաշտօնավարէ Այնթէպի Հայկազեան դպրոցէն ներս որպէսզի կարենայ հոգալ իր ծախսերը։

1899-ին ծայլուն նիշերով աւարտած է քոլէճը բայց չէ կրցած ընդունուիլ Մարաշի Աստուածաբանական դպրոց, որովհետեւ իր ուսանողութեան շրջանին ոչ աղօթարան գացած էր, ոչ ալ պատուելիի մը քարոզը մտիկ ըրած։ Ուստի, հարկադրուած նետուած է ուսուցչական ասպարէզ, եւ կարճ ժամանակ մը ետք հրաւիրուած է Հայկազեան վարժարանի տեսչութեան պաշտօնին։ Եկեղեցական ըլլալու փափաքը սրտին, իր տեսչութեան շրջանին դիմած է Արմաշի դպրեվանքը, բայց այնտեղ ալ չէ յաջողած։ Առանց յուսահատելու, ան դիմած է Երուսաղեմի Պատրիարքին եւ անոր հաւէրով մեկնած է Երուսաղէմ, ուր դպրեվանքի ժառանգաւորաց դասարաններուն դասաւանդած է միւս կողմէ հետեւելով ընծայարանի դասընթացքներուն։

1903-ին վերադարձած է Այնթապ, ուր անմիջապէս հրաւիրուած է Հայկազեան համալսարանի տեսչութեան պաշտօնին, զոր ստանձնելէ ետք վարած է մինչեւ իր քահանայ ձեռնադրուիլը։

1904-ին Աւետիս կը պսակուի Միրայ Գամաճեանի հետ եւ ապա քահանայ կը ձեռնադրուի վերակոչուելով Տէր Վահան։ Իր կարողութեամբ դարձած է գործունեայ եկեղեցական։

1909-ի անտիոքի եւ Ատանայի ջարդերու վաղորդայնին նպաստներ բաշխելու համար մեկնած է Անտիոք։ Ապա նոյն առաքելութեամբ յաջորդաբար մեկնած է Քեսապ եւ Ճէպէլ Մուսայի գիւղերը ու վերադարձած Այնթապ։

Ան Քեսապի մէջ շինել տուած է մանչերու համար գործող Սահակեան Վարժարանը եւ 1910-ին՝ աղջկանց Պօղոսեան Վարժարանը։

1921-ին ան տեղափոխուած է Եգիպտոս ուր քահանայագործած է ու ժամանակ մըն ալ Եգիպտոսի Առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը վարած։

1922-ին տեղափոխուած է Ամերիկա եւ 1925-ին Շիքակոյի մէջ ուր հայկական եկեղեցի չկար, կրցած է գնել տալ եկեղեցի մը ու զայն օծել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով։ Այս եկեղեցւոյ մէջ ան պաշտօնավարած է 14 տարի։

Իր քահանայութեան ընթացքին մեծ կարեւորութիւն տուած է կրթական կեանքին եւ անձնապէս աշխատած է հայ մանուկներու դաստիարակութեան ի խնդիր։ Ան եղած է նաեւ գրիչի մարդ եւ ստորագրած է շահեկան յօդուածներ՝ հոգեւոր եւ եկեղեցագիտական խնդիրներու շուրջ։

Ան իրգործունէութեան ընթացքին արժանացած է Լանջախաչ կրելու արտօնութեան, Ծաղկեայ սեւ փիլոն կրելու պատիւին եւ ստացած է աւագութեան տիտղոս։ Իրեն համար հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէր բարձագոյն ուսման հասնելու կարելիութիւն եւ եկեղեցիի ու դպրոցի ծառայութիւն։

Իր նկարագիրը կը յատկանշուի յարատեւ ընթերցասիրութեամբ, սորվելու եւ սորվեցնելու փափաքով։

Եղած է նկարագիր ու տեսիլք ունեցող մարդ։ Ու իր նպատակին կարենալ հասնելու համար յաջողած է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։

Վախճանած է ամերիկայի մէջ, 5 Մարտ 1945-ին։