Վասպուրականի Այր Մարդոց Տարազներ
Վասպուրականի Այր Մարդոց Տարազներ, Վասպուրականի տղաքը ունէին տարազի երկու ամբողջութիւն: Առաջինի կարեւոր մասերէն էր շապիկը: Զայն կը կարէին կտաւէ եւ օձիքը կ'ասեղնագործէին: Թեւերը լայն կ'ըլլային, թեգանիքներու վրայ կը կարէին կապոյտ հուլունքներ: Շալվարը ասեղնագործելու սովորութիւնը աւանդական էր:
Տղամարդոց կարճ վերնազգեստը կը կոչուէր Իշլիկ: Զայն կը կարէին շալվարի կերպասէն: Իբրեւ գօտի կը գործածէին բուրդէ գունաւոր կամ ճերմակ կերպասներ: Հարուստ դասը կը գործածէր Քիրման շալը իբրեւ գօտի: Գօտիին մէջ կը տեղաւորէին ծխախոտի տոպրակն ու ծխամորճը, կազամարը, զէնքերը: Տաք վերնազգեստը կը հագնէին Իշլիկին վրայէն: Որոշ գաւառներու մէջ, ան կը կոչուէր ապա, իսկ տեղական բարբառով՝ քեազախիկ:
Այրերը կը գործածէին երեք տեսակ գլխարկ՝ արախչի, քոլոզ եւ Ֆէս: Արախչին կը հիւսէին բուրդէ թելերով, կամ կը կարէին բամպակ կտաւ է: Կարելէն ետք, Ճոխ ձեւով կ'ասեղնագործէին զայն: Քոլոզը կը պատրաստէին այր մարդիկը՝ Թաղիքէ: Քոլոզին շուրջը անպայման փուշի կամ եազմա կը փաթթէին:
Աղբիւր
Խմբագրել- «Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 27։