Վարդգէս Եղիայեան

Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան (Մահացած՝ 30 Սեպտեմբեր 2017, Լոս Անճըլըս):[1] Ան Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն անունով ապահովագրական ընկերութեանց դէմ բացուած դատի փաստաբաններէն էր:

Վարդգէս Եղիայեան
Ծնած է 1936
Մահուան վայր ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Փաստաբան
Աշխատավայր Փաստաբան, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ
Ամուսին Ռիթա Մահտեսեան
Երեխաներ Թամար, Արմէն

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան իր պաշտօնակիցներ Պրայան Քապաթեքի եւ Մարք Կիրակոսի հետ նախաձեռնած էր Ցեղասպանութեան զոհերու վնասուց հատուցումներու գանձումի գործին՝ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի, «Աքսա»ի եւ ապահովագրական այլ ընկերութիւններու դէմ դատեր բանալով:

Հրատարակութիւններ՝ փաստագրական գիրքերու հեղինակ

Խմբագրել

Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան նաեւ հեղինակ էր շարք մը հատորներու եւ մինչեւ իր անհանգստութիւնը կ՛աշխատէր քանի մը վէպերու վրայ:

«Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» վերնագրով հատորը, ուր ամփոփուած են 20-րդ դարու սկիզբին ռուսական ցարական շրջանի արխիւներէն թարգմանուած աւելի քան 50 վաւերաթուղթեր, որոնք կ՚առընչուին հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններուն։

«Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թոռլաքեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի դատավարութիւններ» հատորը:[2]

“Ինճիրլիքի տարածքը հայերուն պատկանող հող է” Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան

Խմբագրել

Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան բա­ցա­յայ­տած է, որ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ մէջ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր մին­չեւ 1915 թո­ւա­կան օգ­տո­ւած են շարք մը ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թեանց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն: Այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, սա­կայն, հրա­ժա­րած են ջար­դե­րէն մա­զա­պուրծ ըն­տա­նիք­նե­րէն շա­տե­րուն յատ­կաց­նե­լէ ի­րենց հաս­նե­լիք գու­մար­նե­րը:

«Ու­նիմ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղթ­ներ, ո­րոնք կ­՛ա­պա­ցու­ցեն, որ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիոյ կազ­մին մէջ գտնուող Ա­տա­նա քա­ղա­քի մօտ տե­ղա­կա­յո­ւած «Ին­ճիր­լիք» ռազ­մա­կա­յա­նի հո­ղե­րը կը պատ­կա­նին հա­յե­րու:
- Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան


Աշ­խար­հի չորս ծայ­րէ 16 ըն­տա­նիք գտած եմ: Օգ­տա­կար ե­ղաւ այն, որ երբ մէ­կուն գտայ, որ սե­փա­կա­նու­թեան վկա­յա­կան ու­նէր, այդ թուղ­թին մէջ գրո­ւած էին նաեւ ա­նոր հա­րե­ւան­նե­րուն ա­նուն­նե­րը»,- պատ­մած է ան: Ա.Մ.Ն. ­Դաշ­նա­յին ­Դա­տա­րա­նը այս ա­մառ, սա­կայն, մեր­ժած է փաս­տա­բա­նին հայ­ցը: «Ա.Մ.Ն. դա­տա­րա­նը յայտ­ նեց, որ ի­րա­ւունք չու­նի ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ դատ բա­նա­լու: ­Դա­տա­ւո­րը ը­սաւ, որ մեր պա­հանջ­քի հիմ­քը ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է, իսկ Ա.Մ.Ն. ա­տի­կա չ­՛ըն­դու­նիր: ­Մենք պնդե­ցինք, որ ա­տի­կա մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում է եւ բո­ղո­քար­կած ենք այդ ո­րո­շու­մը: Կ­՛ակն­կա­լենք, որ ­Նո­յեմ­բե­րին կամ ­Դեկ­տեմ­բե­րին պա­տաս­խա­նը կ­՛ել­լէ»,- ը­սած է փաս­տա­բա­նը:
- Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան


Խօ­սե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ըն­թաց­քին մա­սին` Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան ը­սած է, որ

«հա­յե­րը դա­տա­րան­նե­րու մէջ շատ յա­ճախ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը օգ­տա­գոր­ծե­լով` կը վնա­սեն գոր­ծըն­թա­ցին»:

«­Մենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին չենք խօ­սիր: ­Մենք կ­՛ը­սենք, որ տե­ղի ու­նե­ցած է մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը մեր գոր­ծին օ­գուտ չէ: ­Հա­մընդ­հա­նուր տպա­ւո­րու­թիւն կայ, որ ե­թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նո­ւի, ա­պա հա­տու­ցում պի­տի ըլ­լայ, սա­կայն նման բան չկայ»,- նկա­տած է փաս­տա­բա­նը: Ան ընդգ­ծած է, որ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր է «վե­րա­կանգ­նել ար­դա­րու­թիւ­նը»:

- Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան


Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել