Վիժում
Վիժում յղիութեան ընդհատում, ժամանակին բժշկութեան մէջ տարբեր դեղամիջոցներ օրինակ (միֆեպրիսթօն, բրոսթակլանտին) եւ վիրաբուժական ձեւեր։ Սակայն այս դեղերը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին առաջին եռամսեային[1]։
Տեսակները
ԽմբագրելՎիժումը արգանդի եւ պտուղի կապի խախտումն է։ Պատճառներէն մէկ քանին (արեան հիւանդութիւններ, վիթամիններու պակաս, սրտի հիւանդութիւններ եւ այլն), սննդական եւ .... թունաւորում, ճառագայթային հիւանդութիւն, սեռական գործարաններու հիւանդութիւներ (արգանդի բորբոքում...), ինչպէս նաեւ ֆիզիքական հարցեր (ծանրութիւն բարձրացնել, որովայնի վնասուածք) ու հոգեկան ապրումները (վախ, յուզմունք)։
Ըստ դարմանատան ընթացքին՝ ինքնաբեր վիժումը կ'ըլլայ սպառնացող (արգանդի թեթեւ կծկումներ, կոնքի ցաւեր, չնչին արիւնային արտադրութիւն), սկսուող (արգանդի ցաւեր եւ կոնքի, անընդմէջ արիւնային արտադրութիւն արգանդի պարանը պահպանուած է, անցքը փակ է), «Ընթացքի մէջ» (արգանդի կծկումներ եւ ուժեղ ցաւեր, անընդհատ առատ արիւնային արտադրութիւն՝ արգանդի կարճցած պարանը)։ Սպառնացող եւ սկսւող վիժումի պարագային յղիութեան պահպանումը հնարաւոր է (անկողնային ռեժիմ, արգանդի կծկումը դանդաղեցնող, ջղային համակարգը հանգստացող դեղանիւթեր, վիթամիններ), միւս անհնար ձեւերու պարագային, օրինակ՝ ուժեղ արիւնահոսութիւններու ժամանակ կը մաքրուի արգանդի խոռոչը։
Արհեստական վիժումը պտուղի հեռացումն է կամ յղի կնոջ մարմնին վրայ անմիջաբար ներգործելու միջոցով։ Կը տարբերին օրինական (բժշկական) եւ ապօրինի արհեստական վիժումները։ Օրինական արհեստական վիժումը կը կատարուի հիւանդանոցային պայմաններու մէջ վիրահատական միջամտութեամբ։ Վիժումը կը թոյլատրուի ժառանգաբար փոխանցուող ծանր հիւանդութիւններ, առողջական վիճակի համար վտանգաւոր յղութեան, ինչպէս նաեւ անցանկալի ծննդաբերութեան պարագային։ Վիժումը կը կատարուի բժշկական մանրակրկիտ հետազօտութիւններէն յետոյ՝ յղութեան առաջին 12 շաբթուան ընթացքին։ Ապօրինի կը համարուի արտահիւանդանոցային պայմաններու (նոյնիսկ բժիշկի կողմէ) կատարուող ամէն տեսակի վիժում։ Ապօրինի վիժումը վտանգաւոր է կեանքի համար, ան կրնայ արգանդի պատռուածքի եւ ներքին գործարաններու վնասուածքներու պատճառ դառնալ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Kulier R, Kapp N, Gülmezoglu AM, Hofmeyr GJ, Cheng L, Campana A (Nov 9, 2011)։ «Medical methods for first trimester abortion.»։ The Cochrane database of systematic reviews (11): CD002855։ PMID 22071804։ doi:10.1002/14651858.CD002855.pub4