Վիպապաշտ Ժամանակաշրջանի Երաժշտութիւն

Վիպապաշտ Ժամանակաշրջանի Երաժշտութիւն, գաղափարական եւ գեղարուեստական ուղղութիւն մը:

Պատմութիւն

Խմբագրել

19րդ դարու առաջին կիսուն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ծնունդ կ'առնէ գաղափարական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ ուղղութիւն մը՝ Վիպապաշտութիւնը (Romantisme), որ կ'ընդգրկէ մշակոյթի բոլոր բնագաւառները:

Վիպապաշտութիւնը բնորոշող յատկութիւններ

Խմբագրել

Վիպապաշտներուն կը բնորոշէր ստեղծագործական ազատութիւնը, անցեալի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, զգացական ապրումներու արտայայտումը, ժողովրդային արուեստի գնահատումը, քնարականութիւնը, ազգային պատմութեան անդրադարձը եւ բնութեան հանդէպ սէրը:

Իւրաքանչիւր երկրի մէջ Վիպապաշտ երաժշտութիւնը ունեցած է իւրայատուկ ազգային երանգ եւ երբեմն նոյն երկրին մէջ ձեւաւորուած են տարբեր ուղղութիւններ:

Կարգ մը երկիրներու մէջ ուղղութիւնը դրսեւորուած է երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն մէջ (Պ. Ի. Չայկովսկին եւ Ա. Ն. Սկրիապինը Ռուսիոյ մէջ, Պ. Սմեթանան եւ Ա. Տվորժաքը Չեխիոյ մէջ, Է. Կրիկը Նորվեկիոյ մէջ, հայ երաժշտահաններ՝ Տ. Չուխաճեանն ու Ա. Սպենդիարեանը եւ ուրիշներ):

Երաժշտական սեռեր

Խմբագրել

Վիպապաշտ դարաշրջանին կը տիրապետէ նուագարանային երաժշտութիւնը: Լայն տարածում կը գտնէ դաշնամուրը: Կը զարգանան տարբեր տեսակի մանրանուագներ (Bagatelle, Moment musical, Arabesque եւ այլն): Կը ստեղծուին նուագարանային նոր սեռեր (Poeme symphonique, Fantaisie symphonique եւ Musique a programme): Կը գրուին յայտնի (Opera)-ները եւ (Ballet)-ները:

Երկիրներ

Խմբագրել

Երաժշտութեան արուեստին մէջ Վիպապաշտութիւնը ժամանակագրական կարգով ի յայտ կու գայ հետեւեալ երկիրներուն մէջ.-

  • Աւստրիա (Ֆ. Շուպերթ)
  • Գերմանիա (Է. Թ. Ա. Հոֆման, Կ. Մ. Վեպըր, Ֆ. Շփոր, Ֆ. Մենտըլսըն, Ռ. Շուման, Ռ. Վակնըր եւ ուրիշներ)
  • Իտալիա (Ջ. Վերտի, Ն. Պականինի, Վ. Պելլինի)
  • Ֆրանսա (Հ. Պերլիոզ, Տ. Ֆ. Օպեր, Ջ. Մեյեպեր եւ ուրիշներ)
  • Լեհաստան (Ֆ. Շոփէն)
  • Հունգարիա (Ֆ. Լիսթ)

Աղբիւրներ

Խմբագրել

«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 37: