Տիգրան Պետրոս Գասապեան

Տիգրան Պետրոս Գասապեան (մօտաւորապէս՝ 1883, Գընճըլար գիւղ - 1915), հայ բժիշկ, բանաստեղծ։

Տիգրան Պետրոս Գասապեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Կըն­ջը­լար
Մահացած է 1915
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, բանաստեղծ
Ամուսին Բժշկու­հի Օֆելիա

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Տիգրան Գասապեան ծնած է, հաւանաբար, 1883 թուականին՝ Պրուսայի նահանգի, Նիկոմիդիոյ գաւառակի Կէյվէի շրջանի՝ Գընճըլար գիւղին մէջ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ազգային վարժարանին մէջ։ 1908 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։

1908-1914 թուականներուն աշխատած է իբրեւ բժիշկ Տիգրանակերտի կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ։

Գրած է գողտրիկ բանաստեղծութիւններ եւ հայ մամուլին թղթակցած յօդուածներով։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելէ ետք, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ, ուղարկուած՝ Կալիցիոյ ռազմաճակատ եւ ծառայած՝ 11-րդ զօրագունդի 2-րդ գումարտակի զինուորական բժիշկ։

3 Սեպտեմբեր 1915 թուականին կամ 27 Դեկտեմբերին, Կալիցիոյ ռազմաճակատի վրայ զոհուած է, կամ Տիգրանակերտի մէջ մահացած է ժանտախտէ՝ մօտ 32 տարեկան հասակին։

Հետագային անոր այրին՝ բժշկուհի Օֆելիա Ներկարարեան-Գասպեան, իր երկու դուստրերով բնակութիւն հաստատած է Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։