Տիզի (tick) խայթուածք
Տիզի (tick) խայթուածք, Տիզը ընդհանրապէս կը գտնուի անտառներու եւ խոտավայրերու մէջ:
Տիզը խայթելէ ետք կը մխրճուի մորթին մէջ եւ կը մնայ հոն: Կը յայտնուի կարծր եւ կլոր մորթի ուռեցքով:
Տիզը պէտք է հանուի, որպէսզի չյառաջանայ lyme հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով` մորթի կարմիր ցան (rash), գլխացաւ, յոգնածութիւն, ջերմ, դող, մկանային ցաւ, վիզի պրկուածութիւն: Այս հիւանդութիւնը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով:
Տիզը պէտք է հանուի, մորթին տակէն նրբունելիով մը բռնելով անոր գլուխէն եւ զետեղել զայն ալքոլով լեցուն սրուակի մը մէջ, որպէսզի ան քննութեան ենթարկուի: Խայթուածքը պէտք է լուալ օճառ-ջուրով, սրբել ալքոլով եւ ծածկել հակամանրէական օծանով մը:
Անտառներու եւ խոտավայրերու մէջ, ուր տիզի գոյութիւնը հաւանական է, մարդիկ պէտք է գործածեն միջատ վանող թրջոցներ[1]: