Տիզնի Ուըրլտ
Տիզնի Ուըրլտ (անգլերէն՝ Disney World, պաշտօնական անուանում՝ «Ուոլթ Տիզնի համաշխարհային հանգիստի կեդրոն» (անգլերէն՝ Walt Disney World Resort), ամենամեծ տարածքը եւ ամենաշատ այցելուներ ունեցող զուարճանքի կեդրոնը աշխարհի վրայ, մակերեսը կը կազմէ 100 քմ²: Անոր կազմին մէջ կայ չորս բներգական այգի, երկու ջրային զբօսայգի, 24 բներգական հիւրանոց, բազմաթիւ խանութներ, սրճարաններ, ճաշարաններ եւ ժամանցի վայրեր: Անիկա կը պատկանի The Walt Disney Company ընկերութեան Walt Disney Parks and Resorts ստորաբաժանման: Կը գտնուի ԱՄՆ-ի Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքէն հարաւ-արեւմուտք: Այգիին բացումը տեղի ունեցած է 1 Հոկտեմբեր 1971-ին. այն ատեն անիկա կազմուած էր «Կախարդական Թագաւորութիւն» բներգական այգիէն: 1 Հոկտեմբեր 1982-ին բացուած է Epcot-ը, 1 Մայիս 1989-ին՝ Տիզնիիի հոլիուտեան «սթիւտիօ»ն եւ 22 Ապրիլ 1988-ին՝ Տիզնիիի անասուններու թագաւորութիւնը:
Տիզնի Ուըրլտ կառոյցի շնորհիւ Օրլանտօ գիւղը դարձած է բարգաւաճող զբօսաշրջային կեդրոն:
Պատմութիւն Եւ Զարգացում
Խմբագրել1959-ին Walt Disney Productions-ը Walt Disney-ի գլխաւորութեամբ կը սկսի տարածք մը փնտռել երկրորդ այգիի մը կառուցման համար. առաջինը Տիզնիլենտն էր, որ 1955-ին կառուցուած էր Անահայմի մէջ: Հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ Տիզնիլենտի այցելուներէն միայն 2%-ն Միսիսիփի գետի արեւելեան տարածքներէն են, ուր կ'ապրի ԱՄՆ-ի բնակչութեան 75%-ը: Տիզնի չէր սիրեր, որ տարբեր վաճառատուներ աճէին Տիզնիլենտի շուրջը, ինչպէս սունկերը՝ անձրեւէն ետք: Անիկա կը փափաքէր աւելի մեծ տարածքներ վերապահել՝ նոր նախագիծերու համար[1]:
22 Նոյեմբեր 1963-ին Ուոլթ Տիզնի կ'այցելէ Օրլանտոյի մէջ քանի մը վայրեր: Մինչ այդ ան կ'ուսումնասիրէ Սենֆորտը (Ֆլորիտա) եւ կը դիմէ քաղաքի խորհուրդին՝ խնդրելով, որ թոյլ տան Տիզնի Ուըրլտի կառուցման, սակայն կը մերժուի: Ան կը «սիրահարի» զարգացած Օրլանտոյի միջազգային օդակայանի արեւելքը գտնուող լաւ ճանապարհներու ցանցին ինչպէս նաեւ՝ Ֆլորիտական վճարովի մայրուղիին: Երբ անոր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ ընտրած է այդ վայրը, ան կը պատասխանէ. «Ինքնաշարժի ուղիներ. անոնք այստեղ կը բաժնուին»: Տիզնի կը կեդրոնանայ «Ֆլորիտա նախագիծ»ին վրայ, ուր տարածք մը կը գնէ Տիզնի Ուըրլտի համար, սակայն կը մահանայ 15 Դեկտեմբեր 1966-ին` չտեսնելով իր երազանքին իրագործումը:
Հողերու գիներու հետ կապուած շահարկումներէ խուսափելու համար Տիզնի կ'օգտագործէ կեղծ ընկերութիւններ եւ համագործակցութիւններ, որպէսզի ստանայ 11,100 հա տարածք: Առաջին խմբաքանակը, որ 2 հա է, կը գնուի 23 Հոկտեմբեր 1964-ին Ayefour Corporation ընկերութենէն: Մնացած ընկերութիւնները նոյնպէս կը կոչուէին տողատակով, բացառութեամբ M.T. Lott Real Estate Investments (անգլերէն՝ empty lot- ազատ լոտ)[2]: Այդ անուններէն մէկ քանին դրոշմուած է Կախարդական Թագաւորութեան մէջ՝ ԱՄՆ-ի Գլխաւոր փողոցին վրայ:
1965-ի Մայիսին տեղի կ'ունենայ Օրլանտոյէն քանի մը քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ Օցէօլա շրջանին մէջ գտնուող հողերը ձեռք բերելու հիմնական գործարքները: Երկու հիմնական տարածքները կը գնուին 1,5 միլիոն տոլարով, իսկ փոքր արօտավայրերը եւ տափաստանները կը գնուին այլազան անուններով ընկերութիւններու կողմէ, ինչպէս՝ «Լատին-ամերիկեան համագործակցութիւն եւ կառավարչութիւն» եւ «Ռիտի Քրիք Ռանչի Համագործակցութիւն»: Երեք մեծ տարածքներէն բացի կը գնուին նաեւ բազմաթիւ մանր հողաշերտեր, որոնք կը պատկանին փոքր սեփականատէրերու:
1912-ին Munger Land կազմակերպութեան կողմէ հողերու մեծ մասը կը վաճառուի ներդրողներուն: Սեփականատէրերը ուրախ էին, որովհետեւ ազատած էին ճահճուտային հողերէ: Սակայն այլ հարց մը կը ստեղծուի՝ այդ հողերուն մէջ գտնուող օգտակար հանածոներու մշակումը, որ կը պատկանէր Թաֆթսի համալսարանին: Առանց իրաւունքի փոխանցման Թաֆթս իրաւունք ունէր որեւէ մէկ ատեն քանդել տալու շէնքը՝ օգտակար հանածոներու շահագործման համար[2]:
Հողերու մեծ մասը գնելէ ետք` 20 Հոկտեմբեր 1965-ին, Orlando Sentinel թերթին մէջ լուրեր կը տարածուին իսկական շահառուին մասին: 15 Նոյեմբերին կը կազմակերպուի մամլոյ ասուլիս մը: Ուոլթ Տիզնի կը պատմէ այդ տարածքին մէջ իր ծրագիրներուն մասին, ներառեալ EPCOT-ի՝ ապագայ համայնքի փորձառական նախատիպին մասին, որ ապագային քաղաք պիտի դառնար (յայտնի է նաեւ որպէս Փրոկրեսս Սիթի): Սակայն EPCOT-ի ծրագիրները կը փոխուին Տիզնիի մահէն ետք: EPCOT-ը կը վերածուի EPCOT Center-ի՝ դառնալով երկրորդ բներգական պարկը Տիզնի Ուըրլտի մէջ, որ կը բացուի 1982-ին:
Ռիտի Քրիկ գետի ցամաքումի համակարգը կ'արձանագրուի 13 Մայիս 1966-ին Ֆլորիտա նահանգի 298-րդ յօդուածով, որ, ի թիւս այլ իրաւունքներու, թոյլ կու տայ սեփականութիւնը օտարել յատուկ ցամաքումի տարածքներու: Այդ շրջանի ստեղծման համար պէտք էր միայն սեփականատէրերու համաձայնութիւնը[1]:
Ուոլթ Տիզնի կը մահանայ 15 Դեկտեմբեր 1966-ին, չտեսնելով իր երազանքին իրագործումը: Իր եղբայրը եւ վաճառական գործընկերը՝ Ռոյ Տիզնի Օլիւըր, կը հետաձգէ իր թոշակի անցնիլը, որպէսզի հետեւի ժամանցի կեդրոնի շինարարութեան առաջին փուլին: Տիզնի ընկերութիւնը կ'աշխատի նիու եորքցի ճարտարտարապետ, Hart Howerton ճարտարապետական ընկերութեան հիմնադիր՝ Ռոպերթ Հարթի հետ, որպէսզի փոխեն այգիի կառուցման նախնական ծրագիրները: Մինչ այդ Հարթ աշխատակցած էր John Carl Warnecke & Associates ընկերութեան հետ:
2 Փետրուար 1967-ին Ռոյ Տիզնի կը կայացնէ մամլոյ ասուլիս մը՝ Վինթըր այգիին մէջ (Ֆլորիտա, Օրլանտոյէն 15 քմ. հիւսիս): EPCOT-ի դերը կ'ընդգծուի մամլոյ ասուլիսին ցուցադրուած ֆիլմին մէջ, որ նկարահանած էր Ուոլթ Տիզնին իր մահէն առաջ: Ցուցադրութենէն ետք կը յայտարարեն, որ Ուորլտ Տիզնի նախագիծի յաջողութեան համար պէտք է ստեղծել յատուկ տարածք մը՝ Ռիտի Քրիքի բարելաւած տարածքը՝ իր մէջ գտնուող երկու քաղաքներով՝ Պէյ Լէյք (Bay Lake) եւ Ռիտի Քրիք (Reedy Creek, այժմ կը կոչուի Lake Buena Vista): Տարածքը ունի հողերը ազատ տնօրինելու իրաւունք: Միակ պարտականութիւնը, որ տարածքը ունի շրջանի եւ նահանգի նկատմամբ, սեփականութեան եւ ձգողութիւններու զնման հարկերու վճարումն է[1]:
Պայմանագիրը, որմով ստեղծած է մարզը եւ 2 քաղաք, ստորագրուած է 12 Մայիս 1967-ին[3]: Ֆլորիտայի Գերագոյն Դատարանը 1968-ին որոշում մը կը կայացնէ, որուն հիմամբ մարզը իրաւունք կ'ունենայ ներում շնորհելու չվճարուող պարտատոմսերու՝ հրապարակային նախագիծերու համար, հակառակ անոր, որ միակ շահառուն Walt Disney Productions-ն է:
Ռոյ Օլիւըր Տիզնի կը բանայ այգին եւ կը յայտարարէ, որ անիկա պիտի կոչուի «Walt Disney World» (Ուոլթ Տիզնիի աշխարհ»)՝ ի յիշատակ իր եղբօր: Ան կ'ըսէ. «Բոլորը լսած են Ֆորտ ինքնաշարժներու մասին: Բայց բոլորը լսա՞ծ են Հենրի Ֆորտի մասին, որ ստեղծած է զանոնք: Ուոլթ Տիզնի Ուորլտը կոչուած է ի պատիւ այն մարդուն, որ ստեղծած է այս ամէնը. այնպէս որ մարդիկ կ'իմանան անոր անունը, քանի դեռ գոյութիւն ունի «Ուոլթ Տիզնի Ուըրլտը»: Բացումէն կարճ ժամանակ ետք Ռոյ Տիզնի հարց կու տայ Ուոլթի կնոջ Լիլիանին, թէ ի՞նչ է կարծիքը Walt Disney World-ի մասին: Ըստ կենսագիր Պոպ Թոմասի, ան կ'ըսէ. «Ես կը կարծեմ, որ Ուոլթ Տիզնին կը հաւնէր զայն»:
Ռոյ Տիզնի կը մահանայ 20 Դեկտեմբեր 1971-ին՝ այգիի բացումէն մօտաւորապէս երեք ամիս ետք[4]:
Հետագային՝ 1982-ին, «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութիւնը կը բանայ EPCOT կեդրոնը: Այգին 1996-ին կը ստանայ Epcot մշտական անունը: 1989-ին Տիզնիի կ'աւելնայ MGM արհեստանոցը՝ թատերական գործէն ոգեշնչուած բներգական այգին, որ 2008-ին կը ստանայ Տիզնիիի Հոլիուուտեան Սթիւտիօ անունը: Իսկ չորրորդ զբօսայգին՝ Տիզնիի անասուններու Թագաւորութիւնը, կը բացուի 1998-ին:
Մէք Քրոֆտոն 2006-ի Օգոստոսին կը դառնայ Տիզնի Ուըրլտի նախագահ՝ փոխարինելով Ալա Ուայսսային, որ կը ստանձնէր նոյն պաշտօնը 1994-էն:
Տեղագրութիւն
ԽմբագրելՀակառակ առեւտրական պահանջներուն եւ յայտնի մոլորութիւններուն, Ֆլորիտայի ժամանցի կեդրոնը կը գտնուի ոչ թէ Օրլանտօ քաղաքի սահմաններու շրջանակներուն մէջ, այլ Պէյ Լէյք եւ Լէյք Պուէնա Վիստա քաղաքներուն մէջ, որոնք կը կառավարուին Տիզնիի կողմէ Ռիտի Քրիք շրջանի միջոցով: Այսօր Տիզնի Ուըրլտի ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 101 քմ²[5]: Ընդհանուր մակերեսը հասած է 120 քմ²-ի, որ մէկուկէս անգամ մեծ է Մանհաթընի տարածքէն:
Յաճախում
Խմբագրել2008-ի Մայիսին «Park World» առեւտրային ամսագիրը յայտնած է 2007-ի սպասուող հաշուարկային ցուցանիշներու մասին, որոնք կազմուած էին Տնտեսական հետազօտութիւններու միութեան կողմէ TEA-ի համագործակցութեամբ.
Տարեթիւ | Կախարդական Թագաւորութիւն | Epcot | Տիզնիի հոլիուտեան սթիւտիօ | Տիզնիի անասուններու թագաւորութիւն |
---|---|---|---|---|
2008[6] | 17,063,000 | 10,935,000 | 9,608,000 | 9,540,000 |
2009[7] | 17,233,000 | 10,990,000 | 9,700,000 | 9,590,000 |
2010[8] | 16,972,000 | 10,825,000 | 9,603,000 | 9,686,000 |
2011[9] | 17,142,000 | 10,826,000 | 9,699,000 | 9,783,000 |
2012[10] | 17,536,000 | 11,063,000 | 9,912,000 | 9,998,000 |
2013[11] | 18,588,000 | 11,229,000 | 10,110,000 | 10,198,000 |
2014[12] | 19,332,000 | 11,454,000 | 10,312,000 | 10,402,000 |
2015[13] | 20,492,000 | 11,798,000 | 10,828,000 | 10,922,000 |
Աշխատողներու թիւը
ԽմբագրելԵրբ 1971-ին Կախարդական Թագաւորութիւնը կը բացուի, այգիին մէջ կ'աշխատէր 5500 հոգի: Այսօր աշխատողներու թիւը կը կազմէ 66.000 [14], որոնց աշխատավարձին համար նախատեսուած է 1,2 միլիառ Ամերիկեան տոլար եւ 474 միլիոն Ամերիկեան տոլար ապահովագրութիւններու համար: Մեծագոյն գործատուներէն մէկը ըլլալով [15], Տիզնի Ուըրլտ աշխատանք ունի աւելի քան 3700 մասնագիտութեամբ մարդոց համար: Այգին կը հովանաւորէ եւ կը ղեկավարէ Տիզնի Ուըրլտ քոլէճի ծրագիրը, որ քոլէճի ամերիկացի ուսանողներուն թոյլ կու տայ ապրելու եւ աշխատելու այգիին մէջ: Կը գործէ նաեւ Տիզնի Ուըրլտի միջազգային քոլէճի ծրագիր մը ամբողջ աշխարհի ուսանողներու փորձարկումներուն համար:
Սպասարկում
Խմբագրել30 Մարտ 2004-ին The Orlando Sentinel-ի մէջ տպագրուած յօդուածի մը մէջ Տիզնի Ուըրլտի այդ օրերու նախագահ՝ Ալ Ուայսս քանի մը տեղեկութիւններ կու տայ այգիին սպասարկման մասին:
Աւելի քան 5000 աշխատողներ կը զբաղին ճարտարապետական եւ սպասարկման աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ՝ 750 այգեպաններ եւ 600 նկարիչներ: Տիզնի տարեկան կը ծախսէ 100 միլիոն Կախարդական Թագաւորութեան սպասարկման համար: 2003-ին 6 միլիոն Ամերիկեան տոլար կը ծախսուի Բիւրեղ ապակիէ Պալատի վերակառուցման համար: Այցելուներու 90 %-ը կը կարծէ, որ Կախարդական Թագաւորութեան մաքրութեան պահպանումը հիանալի է կամ ալ շատ լաւ: Փողոցները եւ այգիները ամէն գիշեր կը մաքրուին գոլորշիով: Աշխատակիցներ կան, որոնց միակ աշխատանքը քառուսէլի հին ձիերու ներկումն է. անոնք կ'օգտագործեն իրական ոսկեայ թիթեղներ: Այգիին մէջ կայ ագարակ, որուն մէջ կ'աճին ծառեր, այնպէս որ, 30 տարեկան ծառ մը պատրաստ կ'ըլլայ նորով փոխարինուելու:
Փոխադրութիւն
ԽմբագրելՏիզնիի կողմէ ղեկավարուող «Տիզնիի Փոխադրութիւն» վաճառանիշի հանրակառքը այցելուներուն համար անվճար է: 2007-ին Տիզնի փոխադրութիւնը կը սկսի բարելաւել հիւրերը հանրակառքերով սպասարկելու որակը: GPS արբանեակային համակարգը, որ կը ղեկավարէ նոր հասցէներով հանրակառքերու համակարգը, տեղեկութիւններ կու տայ անվտանգութեան մասին, խորհուրդներ կու տայ այգիին մասին եւ այլ հետաքրքրական յայտարարութիւններ, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն: Պէտք չէ շփոթել «Տիզնիի Ծովագնացութեան Գիծ»ին եւ «Տիզնիի կախարդական ճեպընթաց»ին հետ, որոնք կը ղեկավարուին Mears Transportation-ի կողմէ: Ջրային ինքնաշարժը իրարու կը կապէ այգիի քանի մը կէտեր:
Նախապէս կային 12 միառելս գնացքներ, սակայն 2009-ի բախումէն ետք, Վարդագոյն եւ Մանիշակագոյն գնացքները կը դադրին աշխատելէ: Այդ գնացքներու քանի մը մասերը կ'օգտագործուին նոր Կապոյտ գնացքի ստեղծման համար, որ մեկնարկուած է 2009-ի Նոյեմբերին. այսօր միառելս գնացքներու թիւը այգիին մէջ 11 է: Անոնք կ'աշխատին երեք երթուղիներով, որոնք կը միանան Փոխադրութեան եւ Տոմսերու կեդրոնին մէջ (TTC): Գիծերէն մէկը կը կատարէ առանց կանգառներու ճեպընթաց-ուղեւորութիւնը դէպի Կախարդական Թագաւորութիւն, երկրորդ գիծը կը միացնէ TTC-ը եւ Epcot-ը: Երրորդ գիծը կը միացնէ TTC-ը Կախարդական Թագաւորութիւնը քանի մը հիւրանոցներու հետ:
Այգիին անունը
ԽմբագրելՆախնական ծրագրաւորման ժամանակ Ուոլթ Տիզնին օգտագործած է հետեւեալ անունները՝ «Х ծրագիր», «Ֆլորիտա ծրագիր» եւ «Տիզնի Ուըրլտ»: Մահէն առաջ Ուոլթ Տիզնին չափազանց զբաղած էր տեղի ընտրութեամբ եւ նախագիծի ծրագիրներով: Ուոլթ Տիզնիի մահէն ետք Ռոյ Տիզնի «Տիզնի Ուըրլտ» անուան կ'աւելցնէ «Ուոլթ» անունը՝ իբրեւ յարգանքի տուրք իր եղբօր:
Պատահար
Խմբագրել14 Յունիս 2016-ին այգիի տարածքին մէջ գտնուող կոկորդիլոսը երեխայ մը ջուր քաշած է[16]: Երեխան մահացած է:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Fogleson Richard E. (2003)։ Married to the Mouse։ New Haven, CT: Yale University Press։ էջ 274։ ISBN 978-0300098280(անգլերէն)
- ↑ 2,0 2,1 Koenig David (2007)։ Realityland: True-Life Adventures at Walt Disney World։ Irvine, CA: Bonaventure Press։ էջ 334։ ISBN 978-0964060524(անգլերէն)
- ↑ Thomas Bob (1994)։ Walt Disney - An American Original։ էջ 357։ արտագրուած է՝ September 21, 2015(անգլերէն)
- ↑ «Backstage brain Roy Disney dies»։ St. Petersburg Independent (Florida)։ Associated Press։ December 21, 1971։ էջ 10-A(անգլերէն)
- ↑ Walt Disney World News Archived 2007-10-12 at the Wayback Machine. Press Release on Resort Landscape Facts (2008)
- ↑ «TEA/AECOM 2008 Global Attractions Report»։ Themed Entertainment Association։ 2008։ արտագրուած է՝ November 20, 2012(անգլերէն)
- ↑ «TEA/AECOM 2009 Global Attractions Report»։ Themed Entertainment Association։ 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 2, 2010-ին։ արտագրուած է՝ November 20, 2012(անգլերէն)
- ↑ «TEA/AECOM 2010 Global Attractions Report»։ Themed Entertainment Association։ 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 19, 2011-ին։ արտագրուած է՝ November 20, 2012(անգլերէն)
- ↑ «TEA/AECOM 2011 Global Attractions Report»։ Themed Entertainment Association։ 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 18, 2015-ին։ արտագրուած է՝ November 20, 2012(անգլերէն)
- ↑ «TEA/AECOM 2012 Global Attractions Report»։ Themed Entertainment Association։ 2012։ արտագրուած է՝ April 18, 2014[permanent dead link]
- ↑ «TEA/AECOM 2013 Global Attractions Report»։ Themed Entertainment Association։ 2013։ արտագրուած է՝ June 14, 2014(անգլերէն)
- ↑ Rubin Judith, Au Tsz Yin (Gigi), Chang Beth, Cheu Linda, Elsea Daniel, LaClair Kathleen, Lock Jodie, Linford Sarah, Miller Erik, Nevin Jennie, Papamichael Margreet, Pincus Jeff, Robinett John, Sands Brian, Selby Will, Timmins Matt, Ventura Feliz, Yoshii Chris։ «TEA/AECOM 2014 Theme Index & Museum Index: The Global Attractions Attendance Report»։ aecom.com։ Themed Entertainment Association (TEA)։ արտագրուած է՝ 4 June 2015
- ↑ «TEA/AECOM 2015 Global Attractions Attendance Report»։ Themed Entertainment Association։ 2015։ արտագրուած է՝ May 25, 2016(անգլերէն)
- ↑ «Disney donates $1 million to help those affected by Orlando massacre»։ 7 News Miami։ արտագրուած է՝ 2016-09-16(անգլերէն)
- ↑ «Disney Profile»։ Hospitality Online։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2007-07-07(անգլերէն)
- ↑ В штате Флорида аллигатор утащил двухлетнего ребенка в воду(ռուս.)