Տհոլ, հնդկական հարուածային ազգային երաժշտական գործիք, որ կը պատկանի երկկողմանի թմբուկներու դասին։ Այս գործիքը տարածուած է նաեւ տարբեր ազգերու մօտ եւ կ'օգտագործուի երաժշտական համոյթներուն մէջ։

Տհոլ

Տհոլը բաղկացած է գլանաձեւ սնամէջ մարմինէն կամ շրջանակէն, որու վրայ ձգուած է կաշիէ կամ բլասթիքէ մեմբրան։ Մեմբրանի քաշուածքէն կախովմ ունի ձայնի բարձրութիւնը։ Տհոլի մարմինը կը պատրաստուի փայտէ, մետաղէ (պողպատ, լատուն եւ այլն), աքրիլային բլասթիքէ, իսկ գլանաձեւ մարմինի երկու կողմերէն կը քաշուի այծի կամ հորթի մշակուած կաշին։

Տհոլ նուագելու համար կը պահանջուին երկու փայտէ ձողիկներ (հաստ՝ կոպալ եւ բարակ՝ ճիպոտ, որոնք պատրաստուած են բամբուկէ կամ եղէգէ։ Ձայնը կը հնչէ երկու փայտէ ձողիկներով կամ մատներու ծայրով եւ ձեռքերու ափերով՝ հարուածելով կաշին։ Տհոլը կը նուագակցուի գրեթէ բոլոր երաժշտական գործիքներու հետ։ Մասնաւորաբար տհոլի հետ կը նուագուին զուռնա, տուտուկ եւ այլ փողային գործիքներ։

Տհոլի մեծ վարպետներէն են հայ երաժիշտներ Զիգֆրիդ Զիվա Գաբոյեանը, Ռոպերդ Դարունցը, Ճո Զաքարեանը։

Տհոլը տարբեր ժողովուրդներու մօտ կ'օգտագործեն երաժշտական համոյթներուն մէջ, տարբեր ծիսակատարութիւններու եւ հարսանեկան խրախճանքներու ժամանակ[1]։

Հայկական դրոշմաթուղթ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Տհոլի պատմութիւնը»։ www.duduk.com։ արտագրուած է՝ 2020-12-17 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել