Տռոնը առանց մարդու փոխադրամիջոց մըն է։ Ընդհանրապէս կը կառավարուի հեռակառավարման վահանակով։ Կ'ըլլայ 3, 4, 6 եւ կամ 8 մղիչներով։ Իւրաքանչիւր մղիչը իր մէջ կ'ունենայ ելեկտրական շարժիչը, որպէսզի կարենայ թռչիլ։ Տռոնները կ'օգտագործուին փնտռտուքի եւ փրկութեան աշխատանքներու համար։

2013 թուականին, ձմեռը, Քանատա երթեւեկի արկած անցընող մէկը փրկուեցաւ գործիքին ջերմաչափի յատկութեան շնորհիւ։ Նաեւ վերջին տարիներուն կը գործածուի հրդեհ մարելու համար։ Տռոնը կրնայ օժտուիլ ճնշում եւ խոնաւութիւն չափող գործիքներով, որպէսզի սորվինք եղանակի կացութիւնը։ Տռոններու շնորհիւ կարելի է որոշել նախատեսութիւնը թէ ո՛ր արտը ոռոգուած է, բերքերը որքան բուսած են եւ կամ վնասուա՞ծ են եւ կամ ոչ։

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել
Պատմութեան եւ գիրեր
Organizasyon ve güncel haberler