Տ. Խորէն Քհնյ. Ըպրըգճեան

Տ. Խորէն Քհնյ. Ըպրըգճեան, (Ծնած է 1824֊ին վախճանած՝ 1904֊ին)։

Ծնած է Քիլիս 1824֊ին, քիլիսցի ծնողքէ։

Իր նախնական ուսումը ստացած է քանի մը տիրացուներու շունչին տակ։

Առտու եւ իրիկուն եկեղեցի յաճախելով սորված է հայերէն, քիչ մը գրաբար, շարական երգել, աղօթքներ ու եկեղեցական գիրքեր կարդալ։

Պատանի հասակին, ան մտած է կեանքի ազատ ասպարէզ եւ հետեւած՝ պղնձագործութեամբ։ Յարատեւ աշխատանքով յաղթահարած է դժնդակ պայմաններն ու նիւթական կոկիկ գումար մը խնայելէ ետք, պատրաստուած է ամուսնութեան։ Ընտրած է իր կեանքի ընկերը ու պսակուած Քիլիսի մէջ։

Քիլիսցի ազգայինները ու հայրենակիցները զինք ընտրած են քահանայութեան թեկնածու։ Ժողովուրդի փափաքին ընդառաջելով, ան կը պատրաստուի ձեռնադրութեան։

Քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Քիլիսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, 1884-ին վերակոչուելով  Տ. Խորէն։

Տ. Խորէն հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքներուն։

Վախճանած է 1904֊ին, ութսուն տարեկանին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի ունեցած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը ամփոփուած է եկեղեցւոյ բակը։(1)

Աղբիւր Խմբագրել

1֊ Յուշամատեան Քիլիսի Հայոց։