Փիղերու Համաշխարհային Օր
Փիղերու օր, (անգլերէն՝ Elephant day): Պաշտօնապէս չյայտարարուած տօն։
Փիղերու տօնը Թայլանտի մէջ
ԽմբագրելԹայլանտի մէջ «Փիղերու օրը» ամէնէն կարեւոր ազգային տօներէն է, որովհետեւ այս երկիրին մէջ փիղերը կարեւոր դեր կատարած են։ Անոնք կը համարուին թայլանտցիներուն բարի օգնականներէն, անոնք թայլանտցիներուն օգնած են կառուցելու քաղաքներ եւ եկեղեցիներ, ծառայած են թայլանտցի զինուորականներուն: Անոնք կը համարուին նաեւ Թայլանտի զբօսաշրջութեան զարգացման բանալին։
Ամէն տարի, 13 Մարտին[1], թագաւորութիւնը խնճոյքներ կը կազմակերպէ, իսկ փիղերուն համար տօնական ճաշեր կը պատրաստուին[2]։
Փիղերու պաշտպանութեան համաշխարհային օր՝ կեդանաբանական այգիին մէջ
Խմբագրել«Փիղերու պաշտպանութեան համաշխարհային օրը կեդանաբանական այգիին մէջ» կը նշուի ամէն տարի, 20 Յունիսին, զոր կը կազմակերպէ «Անասուններու պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը»։ Առաջին անգամ այս տօնը նշուած է 2009-ին։
Փիղերու պաշտպանութեան համաշխարհային օր
Խմբագրել«Փիղերու պաշտպանութեան համաշխարհային օր»ը ամէն տարի կը նշեն 22 Սեպտեմբերին։ Այս տօնը բոլոր երկիրներուն մէջ չէ տարածուած։
Փիղերու համաշխարհային օր
Խմբագրել«Փիղերու համաշխարհային օր»ը, համաշխարհային տօներէն մէկն է՝ նուիրուած փիղերուն, զոր ամէն տարի կը նշեն 30 Նոյեմբերին: Այս օրը կը նշեն նաեւ Ռուսաստանի մէջ։ 2008ին, Ստավրապոլսկի մարզի կեդանաբանական այգիներուն մէջ փափաքողները կրնային անվճար մուտք գործել, իսկ կեդանաբանական այգիին մէջ աշխատողները միջոցառումներ կը կազմակերպէին։