Փղուոր
Փղուոր (լատ.՝ Fluorum) նշանակումը F կարգահամարը՝ 9, հիւլէական զանգուածը՝ 18,998403:
Բնական փղուորը բաղկացած է միայն 19F կայուն իզոթոփէն։ Արհեստականօրէն ստացուած են 16F (T½ <1 երկվրկ), 17F (T½ = 70 երկվրկ), 18F (111 վրկ), 20F (11,4 երկվրկ) և 21F (5 երկվրկ) ռատիոաշխոյժ իզոթոփները։
Փղուորը խիստ թունաւոր, սուր հօտով, բաց դեղնաւուն կազ է, խտութիւնը՝ 1,693 քկ/մ³։ Բաղկացած է երկաթոմանի մոլեքուլներէ՝ F2, որոնց տիսոցման եռանդը 155±4 քճոուլ/մոլ է։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՓղուորը (F2) յայտնագործած է Քարլ Վիլհեմ ՇեԷլԷն 1771 թուականին, իսկ առաջին անգամ մաքուր վիճակին ստացած է Հանրի Մուասսանը (1886)։ Անունն ստացած է լատ.՝ fluo` «կը հոսեմ» բառէն:
Բնութեան Մէջ
ԽմբագրելՓղուորը երկրակեղեւին տարածուած տարր է (տարածուածութեամբ տասներկուերորդն է), կը կազմէ անոր զանգուածի 6.25-10−2%-ը։ Յայտնի են փղուորիտային 35 միներալներ, որոնցմէ ամենատարածուածները փղուորիթը, քրիոլիթը եւ փղուորապատիտն են։ Զգալի քանակով փղուոր կը պարունակեն ափաթիաները՝ եւ փոսփորիթները։
Քիմիական յատկութիւններ
ԽմբագրելՏարրերու պարբերական համակարգի 2րդ պարբերութեան 7րդ խումբի տարր։ p-տարր է, կը պատկանի աղածիններու շարքին, հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներուն կառուցուածքն է․ 1S22S22P5։
Պահպանում
ԽմբագրելՓղուորը կը պահեն ե՛ւ կազային վիճակին (ճնշման տակ), ե՛ւ հեղուկ վիճակին, ուժեղ օքսիտացնող յատկութեամբ պայմանաւորուած՝ գրեթէ բոլոր մետաղները կ'ենթարկուեն քորոզիոյ, այդ պատճառաւ տարողութիւնները կը պատրաստեն նիքէղէ, որը կայունութիւն ձեռք կը բերէ՝ շնորհիւ մետաղի մակերեւոյթին գոյացող աղի՝ NiF2, պաշտպանիչ շերտի։
Կիրառութիւն
ԽմբագրելՓղուորն կ'օգտագործեն յատուկ փլաստմաս (թեֆլոն), ֆրեոններու եւ հեղուկ հրթիռային վառելիքի օքսիտիչի ստացման համար։ Փղուորը լայնօրէն կ'օգտագործուէ որոշ օրկանական նյութերու՝ սառնակենթներու եւ փղուորափլասթներու արտադրութեան համար։
Փղուորը կ'օգտագործուէ UF6, C1F2, SF6 եւ այլն ստանալով, UF6-ը՝ ուրանիւմի իզոթոփներն իրարէ բաժնելու համար, C1F3, WF6, SF6, BrF5-ը՝ եւ այլն որպէս փղուորացնող միջոցներ, իսկ SF6-ը՝ նաեւ ելեկտրաթեքնիքի արդիւնաբերութեյան մէջ։ Սառնարաններուն մէջ կիրառուող ֆրէոն՝ CCl2F2, դիւրաեռ հեղուկը, որը շոգիացման ենթարկուելիս (ճնշումը կտրուկ փոքրացնելու միջոցաւ) շրջապատէն կը խլէ մեծ քանակով ջերմութիւն։ Նշուած նիւթը, որուն քիմիական անունն է երկքղորերկփղուորմէթան, կ'օգտագործուէ նաեւ որպէս ցնդելիութիւն ապահովող նիւթ զանազան աէրոզոլներուն եւ կենցաղային օդափոխիչներուն մէջ։
Փղուորէն կը ստանան քառափղուոր էթիլէն՝ C2F4, որմէ ալ փոլիմերացման փոխազդեցութիւնով կ'արտադրեն թանկարժէք փլասթզանգուած՝ փոլիթեթրափղուորէթիլէն՝ թեֆլոն։
Հեղուկ փղուորը հրթիռային վառելանիւթի օքսիտիչ է։ Լայն կիրառում ունեն փղուորաջրածինը, աղումինիւմի փղուորիտը, սիլիկիւմի փղուորիտը եւ այլն։ Փղուորի թոյլատրելի առաւելագոյն քանակութիւնն օդին մէջ 0.15 մգ/մ3 է։
Կենսաբանական եւ Ֆիզիոլոկիական Դեր
ԽմբագրելՓղուորը կենսաբանօրէն առոյգ միկրոտարր է, կը պարունակուէ բուսական եւ կենդանական օրկանիզմներուն մէջ։ Անոր կենսաբանական դերը վատ ուսումնասիրուած է, պարզուած է անոր նշանակութիւնը միայն ոսկրային հիւսուածքներուն համար։ Կենդանի օրկանիզմներուն մէջ կը գտնուի անօրկանական միացութիւններու ձեւով, յատկապէս ոսկորներուն (100-300 մկ/քկ) եւ ակռաներուն մէջ։
Փղուորը մարդու եւ անասուններու օրկանիզմ կը ներմուծուէ հիմնականին խմելու ջուրի հետ (այն պէտք է պարունակի 1-1.5 մկ/լ փղուոր )։ Փղուորի անբաւարարութեան պարագային կ'յառաջանայ ակռաներու փտում, աւելցուկի պարագային՝ փղուարոզ։ Փղուորը խիստ թունաւոր է։ Փղուոր պարունակող պատրաստուկները կ'օգտագործուեն որպէս հակաուռուցքային նէյրոլեփթիք, հակաընկճումային եւ թմրումային միջոցներ։