Փոկերը
Փոկերը անասուններու ամէնէն խելացի տեսակներէն են:
Անոնք կրնան հասկնալ բառերն ու հրամանները, ինչպէս նաեւ`նշաններն ու մարդկային ծիծաղը, բայց անոնք վատ յիշողութիւն ունին:
Փոկերը ունին երկակենցաղ ապրելակերպ: Փոկերը ջուրէն կը հեռանան միայն բազմանալու, ձագեր ծնելու, հին մաշկը թափելու, հանգստանալու, մարմինի ջերմաստիճանը կարգաւորելու կամ ջուրի մէջի գիշատիչներէն փախչելու համար:
Պաղ ջուրերուն մէջ իրենք զիրենք տաք պահելու համար փոկերը իրենց մաշկին տակ ունին ճարպի շերտ մը, որ կը կոչուի blubber: Իրենց ջրակայուն մորթին առկայութիւնը կը դիւրացնէ ալիքներուն մէջ երթեւեկելը:
Փոկերուն դէմքին մազերը կ'օգնեն իրենց մութ ու պղտոր ջուրերուն մէջ որսը յայտնաբերելու: Ընդհանուր առմամբ, փոկերը կ'ապրին 25-30 տարի:
Էգերը հակած են աւելի երկար ապրելու:
Փոկերը անասուններու ամէնէն խելացի տեսակներէն են: Անոնք կրնան հասկնալ բառերն ու հրամանները, ինչպէս նաեւ` նշաններն ու մարդկային ծիծաղը, բայց դժբախտաբար անոնք վատ յիշողութիւն ունին [1]