Փոքէմոնի խաղը
Փոքէմոնի խաղը ստեղծուած է 3 ճափոնցիներու կողմէ` Սաթոշի Թաժիրի, Քէն Սուկիմօրի եւ Ժունիշի Մասուտա:
Իրենց վիտէօ խաղի այս գաղափարը զարգացնելու համար, Սաթոշի Թաժիրի ներշնչուած է իր մանկութեան նախասիրած ժամանցէն` միջատներ հաւաքել:
Փոքէմոնի խաղին նպատակներէն մէկն է փորձել բռնել բոլոր էակները, երբեմն զանոնք փոխանակելով:
27 Փետրուար 1996-ին շուկայ կ'իջնէ Փոքէմոն խաղի կարմիր եւ կանաչ տարբերակը: Ան կը խաղցուի Նինթէնտօ ընկերութեան Կէյմոյ փոքր խաղամեքենային վրայ: Խաղը սեւ եւ ճերմակ է, սկիզբը անիկա մեծ յաջողութիւն չ'ունենար:
Սակայն վաճառումը յանկարծ մեծ վերելք կ'արձանագրէ չորս շաբաթ ետք: Այս ձեւով Փոքէմոն պիտի դառնայ Ճափոնի պատմութեան ամէնէն շատ ծախուած վիտէօ խաղը: Ան այս տիտղոսը բնաւ չէ կորսնցուցած[1]:
Փոքէմոններու Թիւերը
- 721 Փոքէմոնի կերպար
- 275 միլիոն վիտէոյի խաղէն օրինակներ ծախուած են աշխարհի շուրջ
- 21 միլիառ Փոքէմոնի խաղի քարտերու ծրարներ
- Աւելի քան 800 պատկերասփիւռի յայտագիրներ