Քաթալոնիայի անկախութեան հռչակագիր (2017)

Քաթալոնիայի անկախութեան հռչակագիր (քաթ.՝ Declaració d'Independència de Catalunya), ստորագրուած է 10 Հոկտեմբեր 2017–ին Քաթալոնիայի՝ Սպանիոյ ինքնավար համայնքներէն մէկու պատգամաւորներու կողմէ, որով Քաթալոնեան կը հռչակուէր անկախ հանրապետութիւն։ Ստորագրման պահուն յայտարարուած էր, որ անկախութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը առնուելու է քանի մը շաբաթ ետք[1][2]։ Անոր ի պատասխան՝ 21 Հոկտեմբերին Սպանիան սկսաւ Քաթալոնիային ինքնավարութիւնէն զրկելու գործընթաց։ Արդիւնքով 27 Հոկտեմբերին Քաթալոնիայի խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ (52%) հաստատեց երկրի անկախութեան հռչակումը[3]։

Քարլէս Պուչտէմոնը Քաթալոնիայի խորհրդարանէն ներս հռչակագիրի ստորագրումէն առաջ ելոյթ ունենալէ։

Նախապատմութիւն Խմբագրել

23 Յունուար 2013-ին Քաթալոնիայի խորհրդարանը ընդունած էր Ինքնիշխանութեան եւ Քաթալոնիայի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի մասին հռչակագիր (կատ.՝ Declaració de sobirania i del dret a decidir del poble de Catalunya), իակ արդէն 9 Նոյեմբեր 2015–ին այդ նոյն մարմնի կողմէ ընդունուեցաւ Քաթալոնիայի անկախութեան գործընթացի մեկնարկի հռչակագիր (կատ.՝ Declaració d'inici del procés d'independència de Catalunya

8 Սեպտեմբեր 2017–ին Քաթալոնիայի խորհրդարանը ընդունեց «Իրաւական անցման եւ հանրապետութեան ստեղծման օրէնքը» (կատ.՝ Llei de transitorietat jurídica i fundacional de la República), որ կը պարունակէր իրաւական գործընթացներու մասին դրոյթներ, որոնք կրնան իրականացուիլ Քաթալոնիայի՝ անկախ պետութեան կարգավիճակի ձեռք բերման համար այն պարագային, երբ հանրաքուէի միջոցով Քաթալոնիայի բնակիչները կու տան իրենց համաձայնութիւնը անկախութեան հռչակման գաղափարին ։

1 Հոկտեմբեր 2017–ին Քաթալոնիայի մէջ անցկացուեցաւ հանրաքուէ, որ, ըստ սպանական օրէնսդրութեան, իրաւական ուժ չունի։ Ըստ հանրաքուէի հրապարակուած արդիւնքներուն՝ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կողմ էր Քաթալոնիայի անկախութեան։

Ստորագրում Խմբագրել

Հռչակագիրը ստորագրուած է 10 Հոկտեմբեր 2017–ին Քաթալոնիայի խորհրդարանի նիստի ժամանակ խորհրդարանի նախագահ Քարլէս Պուչտէմոնի եւ խորհրդարանի այլ անդամներու կողմէ։ Խորհրդարանի առջեւ ելոյթի ժամանակ Պուչտէմոնը յայտարարեց, որ նախորդ հանրաքուէի արդիւնքները թոյլ կու տան յայտարարել անկախ պետութեան ստեղծման մասին, բայց առաջարկեց խորհրդարանին քանի մը շաբաթով յետաձգել անկախութեան հռչակումը, որպէսզի բանակցութիւններ սկսի սպանական իշխանութիւններու հետ[2]։

Քաթալոնիայի խորհրդարան 27 Հոկտեմբերին Քաթալոնիայի խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ (52%) հաստատեց երկրի անկախութեան հռչակումը[3]։ 2015-ին ձեւաւորուած խորհրդարանի 135 անդամներէն 82–ը ներկայ էին նիստին (60%)։ Մնացած 53 պատգամաւորները չէին ներկայացած նիստին։ Ներկայ պատգամաւորներէն 70–ը կողմ էին անկախութեան, 10–ը՝ դէմ, 2–ը՝ ձեռնպահ[3]։

Հիմնական դրոյթներ Խմբագրել

Համաձայն հռչակագիրի՝ ուժի մէջ կը մտնէ Քաթալոնիայի հանրապետութեան՝ որպէս անկախ պետութեան սահմանադրութիւն։ Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի նաեւ Իրաւական անցման եւ հանրապետութեան ստեղծման օրէնքի ուժի մէջ մտնելու եւ իշխանութեան անհրաժեշտ մարմիններու ձեւաւորման մասին[4][5][6]։

Միջազգային արձագանք Խմբագրել

ՄԱԿ–ի անդամ երկիրներ ՌԴ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիտրի Պեսքովը յայտարարեց, որ Քաթալոնիայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը «Սպանիոյ ներքին խնդիրն է, եւ պաշտօնական Մոսկուան հնարաւոր չի համարեր ինչ–որ կերպ մեկնաբանել ինքնիշան երկրի գործերը»։ ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան եւս քանի մը անգամ շեշտած է, որ իրաւվիճակը բացառապէս Սպանիոյ ներքին գործն կը համարուի[7]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել