Քահանայ Պատարագող եկեղեցական, տէրտէր (ամուսնացած), երէց (ծուխի տէր): Հայ եկեղեցւոյ աւագ երեք աստիճաններէն մէկն է՝ Սարկաւագութիւն, Քահանայութիւն, Եպիսկոպոսութիւն։

Քահանային հիմնական պատասխանատուութիւնն է Քրիստոսը քարոզել, հաւատացեալներուն Հոգեւոր կարիքները բաւարարել, խորհրդագործել։ Բացի Ձեռնադրութեան խորհուրդէն, եկեղեցւոյ խորհուրդներուն՝ (Մկրտութիւն, Դրոշմ, Խոստովանանք եւ Ապաշխարութիւն, Ս. Հաղորդութիւն, Պսակ) մատակարարումը կատարել[1]։

Քահանան հրաման ունի յանուն Ս. Երրորդութեան մեղքերու թողութիւն շնորհելու, բժշկելու եւ խրատելու քրիստոնեային։ Քահանայութեան աստիճանի հիմնական նշանը փորուրարն է՝ (PATRAXILH), որ երկու ուսերուն վրայ հանգչած վիզէն անցնելով կրծքավանդակէն վար կը կախուի։ Ձեռնադրութեան պահուն, ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը երբ փորուրարը կ'անցընէ ընծայեալին վիզը, հետեւեալ բանաձեւը կ'ըսէ. «Ս. Հոգիէն կարողութիւն ստացիր կրելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի լուծը։»

Փորուրարը ցոյց կու տայ քահանայական կարգ ստանձնողին պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը ամբողջովին ընդունելու Քրիստոսի լուծը։ Այս իսկ պատճառով, քահանաներ կը համարուին առաքեալներ եւ Քրիստոսի գործի լիիրաւ շարունակողներ։

Քահանային պարտաւորութիւնն է՝ քարոզել, ուսուցանել, մեկնաբանել, յորդորել եւ այցելել իւրաքանչիւր անդամի տուն եւ յորդորել, որ աղօթեն բարձրաձայն եւ գաղտնի, կատարեն ընտանեկան բոլոր պարտականութիւնները[2]:

Քահանաները պէտք է հետեւին, որ եկեղեցւոյ մէջ անօրէնութիւն չըլլայ, ոչ ստախօսութիւն, ոչ բամբասանք, ոչ ալ չարախօսութիւն. եւ հետեւին, որ եկեղեցին յաճախ հաւաքուի միասին
- (ՎՈւ 20.54)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել