Քանատայի Գրողներու Միութիւն

Քանատայի Գրողներու Միութիւն (անգլ.՝ The Writers' Union of Canada - TWUC), հիմնադրուած է 1973-ին, ի աջակցութիւն «երկրի հեղինակներուն` պաշտպանելով անոնց իրաւունքները, ազատութիւններն ու տնտեսական բարեկեցութիւնը»: Միութեան անդամները մասնագիտութեամբ գրողներ են, որոնք պէտք է հրատարակած ըլլան առնուազն մէկ գիրք[1]:

Միութիւնը կը դիմէ կառավարութեան` հանրային վարկաւորման իրաւունքներու, հարկային բարեփոխումներու, հեղինակային իրաւունքի օրէնսդրութեան, խօսքի ազատութեան եւ այլ ոլորտներուն առնչուող հարցերով:

Միութիւնը կ՛ապահովէ հրապարակումներ, մասնագիտական զարգացման ծրագիրներ, պայմանագրային խորհրդատուութիւն, դժգոհութիւններու աջակցութիւն, ձեռագիրերու գնահատման ծառայութիւն, խմբային առողջապահական նպաստներ, հանրային եւ դպրոցական ընթերցումներու ֆինանսաւորում եւ հաղորդակցման բազմաթիւ հնարաւորութիւններ:

Միութիւնը կը շնորհէ Danuta Gleed գրական մրցանակը Քանատայի մէջ լոյս տեսած անգլերէն կարճ պատմուածքներու լաւագոյն առաջին ժողովածուի համար: Միութիւնը նաեւ կը կազմակերպէ Մանկական գիրքերու մրցոյթ, Բացիկներու Պատմութիւն մրցոյթ եւ կարճ արձակի մրցոյթ:

Իւրաքանչիւր տարի միութիւնը կը յանձնէ Ընթեցանութեան Ազատութիւն մրցանակը, որուն արժանացած են Տերիք Ֆինկլ, Չարլզ Մոնբետիտ, հեղինակներ Տերիք Ֆինկլ եւ Չարլզ Մոնբետիիտ, պատգամաւոր Ուենտի Լիլ (1997-2004 թթ.), իրաւաբան Քլայտօն Ռուպի եւ Վանքուվըրի Little Sisters գրախանութի սեփականատէրը՝ Ճենին Ֆուլլեր:

Քանատայի Գրողներու Միութեան նախագահն է Հիթըր Մենզես, գործադիր տնօրէնը` Ճոն Տեկէն: Միութեան նախկին նախագահներէն եղած են հեղինակներ Մարիան Էնկելը, Մարգարիտ Էտուտը, Փիեր Բերտօնը, Ճոն Քելվուտը, Թիմոթի Ֆինտլինը, Գրեմ Կիպսոնը, Սիւզան Մուսգրէյվը, Փոլ Քորինգթօնը, Մեկի Սիկինսը, Սիւզան Մաքքասլինը եւ Սիւզան Սուոնը:

Քանատայի Գրողներու Միութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Թորոնթո:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Atwood Margaret։ «Writers' Union of Canada»։ The Canadian Encyclopedia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-19-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-29 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել