Քափոէյրա
Քափոէյրան պրազիլիական մարտարուեստ է։ Ան ծագած է գաղթօճախութեան շրջանին, ափրիկէէն բռնի բերուած ստրուկներէն որոնք կ՛ապրէին Պրազիլիա։ Քափոէյրան երկու տեսակ է, «Տեղական» եւ «Անկոլա»։ Խաղը կ՛ըլլայ ռոտայի մէջ (roda շրջան)։ Մասնակցողները կ՛երգեն, իւրայատուկ երաժշտական գործիքներ կը նուագեն եւ շրջանակ կազմած անոր կեդրոնը Քափոէյրա կը խաղան։
26 Նոյեմբեր 2014-ին քափոէյրա կ՛արձանագրուի որպէս Եունեսքոյի մշակութային անշօշափելի ժառանգութեան բացառիկ վիճակ։
Երաժշտութիւն
ԽմբագրելԵրաժշտութիւնը Քափոէյրայի աւանդութեան անբաժանելի մաս մըն է։
(Տե՛ս Քափոէյրա Երաժշտութիւն )
Երաժշտական գործիքներ
ԽմբագրելԵրաժշտկան գործիքներն են՛ «Berimbau», «Pandeiro», «Atabaque», «Agogo», «Reco-reco»։
Մանրամասութիւններու համար, տե՛ս Քափոէյրա Երաժշտութիւն։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՊրազիլիան Լատին Ամերիկայի առաջին երկիրն էր, որ նուաճեցին փորթուկալացիները 1530-ին։ Անոնք նաեւ ստրուկներ բերած էին Ափրիկէէն Պրազիլիա։
Ստրուկները Պրազիլիա բերելու համար օգտագործուած են երեք նաւահանգիստներ՝ Բայա, Ռեսիֆէ եւ Ռիօ տէ Ժանեյրօ։ Այս վայրերուն մէջ հետազօտողները որոնած են քափոէյրայի ափրիկեան-պրազիլիական մարտարուեստի ծագումը։ Քափոէյրան ստեղծուած է, որպեսզի մարդիկ անզէն ինքնապաշտպանուին։ Ասիկա որպէս գաղտնիկ եղած է, քանի որ ան պարի կը նմանի։
Փորթուկալացիները սկսան որպէս ստրուկ օգտագործել տեղացի բնակիչները, այսինքն հնդիկները։ Հնդիկներուն մեծ մասը չուզեցին փորթուկալացիներուն կանոններուն հետեւիլ, եւ հետեւաբար, փախան դէպի պրազիլիայի անմատչելի տեղերը։ Երբ ստրուկները հաւաքուեցան աւելի գաղտնի եւ թաքնուած վայրերը, անոնք ստեղծեցին խումբ մը, «գայլոմբուշ» անունով։ Գայլոմբուշը անկախ ապրող մարդկոց համայնք մըն էր, որ մեծ դեր տարած է քափոէյրայի ստեղծումին համար։ Անոնք անդադար դուրսէն յարձակումներու ենթակայ ըլլալով, քափոէյրան կը զօրանար։ Այս պատճառավ քափոէյրան աստիճանաբար վերածուեցաւ վտանգաւոր կռիւի, այլեւս պարի չէր նմաներ։
Տեղական օրէնսդիր մարմիններն աշխատեցան մօտաւորապէս 400 տարի ջնջելու քափոէյրան, որ կը համարուէր փողոցային պայքար։ Քափոէյրիստները ստիպուեցան աւելի շատ լարախաղային շարժումներ դնել քափոէյրային մէջ։ Կամաց կամաց պարզ կ՛ըլլայ, որ քափոեյրան, գայլոմբուշէն ետք տարածուեցաւ բնակչութեան շրջանակներուն մէջ։
Քափոէյրայի նշանաւոր անձնաւորութիւններն են վարպետ Բիմբան (Մանուել Դուշ Ռեյշ Մաշադու) եւ վարպետ Պաշտինա (Վիսենտէ Ֆերեյրա)։
Վարպետ Բիմբա ժամանակակից քափոէյրայի հիմնադիրն է։ Ծնած է 1900-ին Սալւաթորի Բայա քաղաքը։ Բիմբան ստեղծաց է «Լուդա Ռեճիոնալ Բայանա» որ յայտնի է իբրեւ «Քաբոէյրա Ռեճիոնալ» (Տեղական Քափոէյրա)։ 1932-ին Բիմբան հիմնեց պատմութեան մէջ առաջին պաշտօնական քափոէյրայ դպրոցը։ Ի վերջոյ, բոլոր տառապանքներէ անցնելէ ետք քափոէյրան պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Պրազիլիային մէջ 1937-ին։
Վարպետ Պաշտինա ծնած է 1889-ին եւ մահացած 1982-ին։ Պաշտինա ստեղծեց «Անկոլա» քափոէյրան։ «Քափոէյրա Անգոլա»ին մէջ շարժումները աւելի դանդաղ են։ Երբ վարպետը 21 տարեկան դարձաւ, ան որոշեց որ արուեստի կերպով մօտենայ քափոէյրային։ Ան յայտնի է նաեւ իբրեւ փիլիսոփայ եւ նկարիչ։