Քաքաոյի ծառը կը բուսնի արեւադարձային շրջաններու մէջ եւ կ'արտադրէ մեծ պտուղներ:

Իւրաքանչիւր պտուղի մէջ գոյութիւն ունին տասնեակ մը քաքաոյի հատիկներ: Այդ մեծ պտուղները պէտք է բանալ` մէջէն հանելու համար հատիկները, որոնք կը չորցուին արեւուն տակ կամ փայտով վառող կրակի մը վրայ: Այս ձեւով է, որ անոնք չորնալով տուրմին սրճագոյն գոյնը կը ստանան:

Պատրաստութիւն

Խմբագրել

Սկզբնական բոլոր գործողութիւնները տեղի կ'ունենան բնիկ երկիրին մէջ, ուր կը բուսնի քաքաոյի ծառը (ինչպէս Քոթ տ՛Իվուար, Ղանա, Պրազիլ կամ Քոլումպիա):

Այս չորցուած հատիկները կ'արտածուին եւ կը ղրկուին երկիրներ, ուր անոնք կը խորովուին: Սուրճին նման, այս քաքաոյի հատիկներն ալ կը տաքցուին, ապա բացօթեայ կը դրուին, որպէսզի անոնց ջուրը ամբողջովին շոգիանայ: Այս ձեւով կարելի կ'ըլլայ ստանալ քաքաոյի փոշի, խմոր կամ կարագ: Ասիկա հիմնական նիւթն է, որ կը գործածուի տուրմ պատրաստելու համար:

Պատմութիւն

Խմբագրել
 

Մայեաները, ազդէքները, էնքաները այս գործով կը զբաղէին ԺԵ. դարուն: Այդ ժամանակաշրջանին քաքաոն կը գործածուէր հեղուկ վիճակին մէջ: Անով կը պատրաստուէր քսօքօաթլ կոչուած խմիչք մը: քաքաոյի հատիկները կը գործածուէին նոյնիսկ իբրեւ դրամ:

Յաջորդ դարու սկիզբը, երբ սպանացի նուաճողները կը հասնին հարաւային Ամերիկա, անոնք կը ծանօթանան կարմիր, կանաչ կամ դեղին պտուղներով այս տարօրինակ ծառին: Անոնք իրենց հետ այդ հատիկները Եւրոպա կը տանին, երբ կը վերադառնան իրենց արշաւանքներէն: Ժամանակի ընթացքին քաքաոյի ծառը կը սկսի մշակուիլ ցամաքամասին հարաւային շրջանները, ապա ան Ափրիկէ կ'անցնի շնորհիւ փորթուկալցիներուն, եւ Ասիոյ շնորհիւ`հոլանտացիներուն[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել