Քուպա, պաշտօնապէս Քուպայի Հանրապետութիւն (սպ.՝ República de Cuba), պետութիւն տեղակայուած Քուպա կղզիին, ինչպէս նաեւ Խուվենտուտ կղզիին եւ քանի մը փոքր արշիպեղագոսներու վրայ։ Քուպա տեղակայուած է Քարիպեան աւազանին հիւսիսը, ուր կը հանդիպին Քարիպեան ծովը, Մեքսիքական ծոցը եւ Ատլանտեան ովկիանոսը։ Անիկա կը գտնուի ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգէն եւ Պահամեան Կղզիներէն հարաւ, Հայիթիի արեւմուտքը եւ Ճըմէյքայի հիւսիսը։ Երկիրին մայրաքաղաքը եւ մեծագոյն քաղաքը Հաւանան է։ Միւս մեծ քաղաքներն են Սանաթիակօ տէ Քուպան եւ Քամակուէյը։ Քուպան Քարիպեան աւազանին մեծագոյն կղզին է, որուն տարածութիւնն է 109,884 քառակուսի քիլոմեթր, իսկ բնակչութեամբ երկրորդն է Հայիթի կղզիէն ետք, աւելի քան 11 միլիոն բնակչութեամբ[1]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Cuba profile: Facts»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 26 Մարտ, 2013