«Օխտը դռնի» վանքը կը գտնուի Հադրութի Մոխրենէս գիւղէն 3,5քմ հիւսիս-արեւմուտք, Իւղուսէն լերան լանջին, Գտիչ բերդին մօտ, պատմական Արցախի Սիսականի Ոստան կամ Միւս Հաբանդ կոչուող գաւառին մէջ։

Օխտը դռնի վանք

Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Վանքը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1451 բարձրութեան վրայ, լերան անտառապատ գագաթին, դժուարամատչելի վայրի մէջ[1]:

Պատմական աղբիւրները համալիրին եւ այսօր կիսաւեր պահպանուած եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդեր: Աւանդութեան համաձայն, «Օխտը դռն»ի եկեղեցին կառուցած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած եօթ եղբայրներու քոյրը, որուն գերեզմանը վանքի բակին մէջ է, կը կոչուի «Քրոջ գերեզման» եւ յայտնի ուխտատեղի էր:

Մինչեւ արցախեան երրորդ պատերազմը եկեղեցին կիսաւեր էր: 2020 թուականի աշնան, Հադրութի շրջանը Պաքուի զօրքերուն կողմէ բռնազաւթուելէն ետք, թշնամին գետին գլորած է եկեղեցւոյ մուտքին տեղադրուած խաչքարը: Ներկայ վիճակին մասին այլ տեղեկութիւններ չկան։

Այժմ բռնազաւթուած է Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մոխրենէսի «Օխտը դռնի» վանքը»։ Monument Watch։ արտագրուած է՝ 2023-03-24 
  2. «Արցախի մանրատեղանուններ․ Հադրութ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-03-09։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 2023-03-24