Օմիքրոն, նոր յայտնաբերուած «Քորոնա»յի տարբերակ, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Շուէտական Ուփսալա քաղաքին ակադեմական տարրալուծարանին մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով «Օմիքրոն» տարբերակին ենթատեսակը[1]:

«Քորոնա»յի պատուաստանիւթ արտադրողները հետազօտութիւններ ըրած են նոր տարբերակէն պատուաստանիւթի պաշտպանութեան մասին:

«Օմիքրոն» տարբերակին նենգափոխումները (mutation) մտահոգիչ են:

Շարք մը երկիրներ ջանքեր ի գործ դրած են օմիքրոնի համաշխարհային տարածումը կանխելու համար:

Սկզբնական ապացոյցները դիտել կու տան, որ օմիքրոն տարբերակը կրնայ աւելի դիւրաւ տարածուիլ, քան` «Քորոնա»յի միւս տարբերակները»[2]: Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի գիտնականներուն տուեալներով` «Օմիքրոն»-ը կրնայ աւելի թեթեւ ընթացք ունենալ, որովհետեւ աւելի քիչ կ'ազդէ թոքերուն վրայ: «Օմիքրոն»ի ախտահարման հիմնական գօտիները քիթ-կոկորդն են ու վերին շնչուղիները:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել