Օրնիթոփթերա Քրէօսուս

Օրնիթոփթերա Քրէօսուս, Ֆլուօ նարնջագոյն եւ ոսկի թեւերով թիթեռնիկ, որ կ'ապրի արեւադարձային անտառներուն մէջ:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել
 

Այս թիթեռնիկը երկրագունդին վրայ յայտնուած է 100 միլիոն տարի առաջ:

Անոր էգին թեւերուն լայնքը կը հասնի 25 սմ-ի: Երկու ամիս թրթուրի վիճակի մէջ, ապա մէկ ամիս իր բոժոժին մէջ մնալէ ետք, թիթեռնիկը վերջապէս կը բանայ իր թեւերը. սակայն ան կ'ապրի 10-15 օր միայն:

1859-ին անգլիացի Ալֆրետ Ռասըլ Ուալլըս առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպի այս հսկայ թիթեռնիկին: Այդ ժամանակէն ի վեր շատեր փորձած են զայն տեսնել եւ նկարել, սակայն անոնք բնաւ չեն յաջողած:

Միայն մէկ անձ` Ալիսի, որ ծնած է Ինտոնեզիոյ Մալուքու արշիպեղագոսի մէջ եւ շատ լաւ ծանօթ է Պաքան կղզիին վայրի անտառին, գիտէ` ո՛ւր գտնել զայն: Սակայն 1970-ական թուականներուն այս հսկայ թիթեռնիկին ապօրինի որսագողութեան, զայն հաւաքածոներ կազմողներու ծախելու համար եւ անտառահատումին պատճառով ան անհետացումի վտանգին ենթակայ է:

 

Բնութեան պահպանումի միջազգային «Ուըրլտ ուայտ ֆանտ» կազմակերպութեան յանձնարարութեամբ, շրջանի բնակիչները դիմած են «Ֆարմինկ»ի դրութեան: Անոնք յատուկ խոնաւ սենեակներու մէջ կը պահեն եւ հոգ կը տանին բոժոժներուն, ապա օրինաւոր կերպով զանոնք ծախելու, եւ այս ձեւով թիթեռնիկները պահպանելու համար[1]:

Ան փոքրիկ «ագարակ» մը շինած է կղզիին կեդրոնը, գաղտնի փոքր հովիտի մը մէջ, որ զբօսաշրջիկներու սովորական շրջաններէն հեռու կը գտնուի, եւ ուր կարելի է հասնիլ միայն տեղացի բնակիչներուն օգնութեամբ:

2013-ին խումբ մը բնագէտներ կրցած են կապուիլ Ալիսիի հետ` մօտէն ծանօթանալու թիթեռնիկներու թագաւորին: Անոնք կը դառնան առաջին անձերը, որոնք պիտի կարենան զայն նկարել:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել