Ֆիլիփ Մարշալ Պրաուն

Ֆիլիփ Մարշալ Պրաուն (Յուլիս 31, 1875 – Մայիս 10, 1966)[1], դաստիարակ էր եւ դիւանագէտ: Ամերիկացի , ծնած էր Համփթըն, Մէյն եւ կրթութիւնը ստացած՝ Ուիլիէմզ Գոլէճին մէջ:

1900–1901-ին ան ծառայած է իբրեւ քարտուղար Լոյտ Ք. Կրիսքոմին եւ 1901-էն 1903 երկրորդ քարտուղարն էր Ամերիկեան դեսպանատան, Կոստանդնուպոլիս: Ան Ծառայած է իբրեւ դեսպանատան քարտուղար Կուաթեմալա եւ Հոնտուրաս, 1903–1907, եւ իբրեւ քարտուղար Կոստանդնուպոլսոյ Ամերիկեան դեսպանատան, 1907–1908: Վերջինէս մինչեւ 1910 պատուիրակ էր Հոնտուրասի:

Հրաժարելով դիւանագիտական ծառայութենէն, ան միջազգային օրէնքի ուսուցիչ նշանակուեցաւ Հարվըրտ Համալսարանին մէջ 1912-ին եւ յաջորդ տարին օգնական փրոֆէսոր միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան Փրինսթըն, ուր յետագային նշանակուեցաւ փրոֆէսոր միջազգային օրէնքի (1915):

Ան գործակից խմբագիրն էր Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան հանդէս եւ գործակից անդամ էր Միջազգային Օրէնքի Հիմնարկին, Պրուքսէլ:

Ան հեղինակն է Foreigners in Turkey (1914), International Realities (1917), International Society (1923), եւն.

Պրաուն նաեւ ծառայած է իբրեւ նախագահը Ամերիկեան Խաղաղութիւն Ընկերակցութեան, որ կը հրատարակէ World Affairs, միջազգային յարաբերութեան վերաբերող ամէնահին ամերիկեան հանդէսը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել