«127 Ժամ» (անգլերէն՝ 127 Hours)` Արոն Ռալսթընի «Քարի եւ զնդանի արանքին» (անգլերէն՝ Between a Rock and a Hard Place) գիրքի հիման վրայ նկարահանուած ֆիլմ։ Նկարահանած են նախկինին «Միլիոնատերը Ետնախորշէն» ֆիլմի վրայ համատեղ աշխատած բեմադրիչ Տէնի Պոիլն ու գրագէտ Սայմըն Պիւֆոյը։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ցուցադրութիւնը 2010 թուականի Նոյեմբեր 5-ին սկսած է։

127 ԺԱՄ
Բեմադրիչ Տէնի Պոիլ
Արտադրիչ Քրիսթիան Քոլսըն, Տէնի Պոիլ եւ Ճոն Սմիթսըն
Թատերագիր Սայմըն Պէօֆոյ
Հիմնուած Between a Rock and a Hard Place
Երաժշտութիւն A. R. Rahman
Արտադրող
ընկերութիւններ
Fox Searchlight Pictures եւ Pathé
Տեւողութիւն
94 վայրկեան
Երկիր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Լեզու Անգլերէն
Պիւտճէ $ 18 մլն
Շահոյթ $ 60 մլն
 
Արոն Ռալսթընը ֆիլմի առաջին ցուցադրութեանը

Ֆիլմին մէջ կը պատմուի 2003 թուականի Ապրիլ 25-ի ուրբաթ օրուան տեղի ունեցած իրական դէպքի մասին, երբ լեռնագնաց եւ քանիոններ նուաճողԱրոն Ռալսթընը (Ճէյմզ Ֆրանքօ) վճռած է այցելել Եութայ նահանգի Քանիոնլէնտ ազգային զբոսայգիին մէջ։ Աւելի քան 300 քիլոկրամանոց քարի եւ ժայռի արանքին անոր ձեռքը սեղմուած մնալու հետեւանքով ան հոն գերուած կը մնայ համարյեայ վեց օր[1]։ Մինչեւ իր երթալը ան ոչ մեկն ըսած էր, թէ ուր կ'երթայ։ Իր հետ առած փոքր քանակի ջուրն ու ուտելիքը սպառելէն ետք ան կը հատէ իր դաստակը, ինչի շնորհիւ կը կարենայ դուրս ելլել քանիոնէն եւ գտնել նէտերլանտացի զբօսաշրջիկներու, որ կը կանչեն փրկարար ծառայութեան ուղղաթիռ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել