1905ի Ջարդեր
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ցարական կառավարութիւնը, տկարացած ռուսեւճափոնական պատերազմէն եւ յեղափոխական խմորումէն, որ զգալի կը դառնար ամբողջ Ռուսիոյ մէջ՝ Մանչուրիոյ ձախաղանքներուն հետեւանքով, շատ չանցած որոշեց ջարդերու դիմել, սակայն ուրիշներու ձեռքով, հայկական դիմադրութիւնը խորտակելու համար։
Թաթար հորդաներ, ռուս իշխանութեանց միջոցով զինուած, Անդրկովկասի հայոց դէմ հանուեցան 1905-ի Փետրուարին։ Ամէնէն կարեւոր կոտորածներն ու թալանը տեղի ունեցան Պաքուի մէջ, Փետրուարի կէսերուն։ Քանի մը թաթար մտաւորականներ, օրինակ նշանաւոր Աղայեւ, որ ապագային կարեւոր դեր մը խաղաց համաթուրանական շարժման մէջ, հլու գործիքները դարձան ռուսական իշխանութեանց, որոնցմէ պաշտօն ստացած էին ջարդերը կազմակերպելու։ Երբ ջարդերը սկսան, ռուս իշխանութիւնները, մեղսակից ջարդարարներուն, մերժեցին միջամտել եւ ոստիկանութիւնն ու զինեալ ուժերը իրենց զօրանոցներուն մէջ փակուած պահեցին, ազատ ասպարէզ տալու համար թաթարական մոլեռանդութեան։
Ցարական վարիչներու խմբակին նպատակն էր փշրել հայոց դիմադրութիւնը՝ ռուսացման քաղաքականութեան դէմ, անոր յիշեցնել տալով, թէ կ'ապրէին վտանգաւոր շրջապատի մը մէջ, պաշարուած մոլեռանդ մահմետական տարրերով եւ Ռուսիան մէկն էր, որ կրնար երաշխաւորել իրենց ապահովութիւնը, պայմանաւ որ այսուհետեւ խոնարհ աղաչաւորի դիրքին մէջ նման Ռուսիոյ հանդէպ։
Սակայն 1894-1896-ի Թուրքիոյ ջարդերէն ի վեր հայոց կացութիւնը փոխւած էր։ Անցնող տասը տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը անդուլ կերպով շարունակած էր քարոզչական, կազմակերպչական եւ դաստիարակչական իր գործը։ Ան իր շուրջ համախմբած էր հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը եւ շփում հաստատած հայ մտաւորական եւ ռազմիկ դասակարքերուն միջեւ։ Պաշտպանողական եւ պատժական բնոյթ ունեցող բազմաթիւ արշաւախումբեր, որոնք Թրքահայաստան ղրկուած էին 1894-1896-ի ջարդերուն հետեւանքով, Դաշնակցութիւնը օռտուած էին բազմաթիւ ղեկավարներով եւ մարտիկներով։
Ի մեծ զարմացումն ռուս իշխանութեանց եւ թաթարներուն, հայերը անակնկալի առաջին վարկեանները անցընելէ ետք, հասարակաց վտանգին առջեւ համավմբուեցան Դաշնակցութեան շուրջ եւ մղեցին կռիւ մը, որմէ կախուած էր իրենց ազգային գոյութիւնը։ Ղեկավարութեանը տակ իրենց պետերուն, Արմէն Գարօ Փաստրմաճեան՝ Թիֆլիսի մէջ, Նիկոլ Դուման՝ Պաքուի մէջ, Դրօ եւ Խեչօ՝ Երեւան, Վարդան՝ Շուշի, զինեալ դիմադրութիւն մը ցոյց տուին ջարդարարներուն եւ թալանողներուն, եւ անցնելով հակայարձակումի, արիւնալի փոխադարձութիւններու դիմեցին։ Պաքուի, Երեւանի, Շուշիի, Նախիջեւանի, Թիֆլիսի մէջ, ամէնուրեք հայերը ցցուեցան յարձակողներուն դէմ։
Վիկտոր Պեռարի գործին մէջ հետեւեալ ձեւով ամփոփուած է Պաքուի հայոց կռիւը. «Հայոց դէմ յարձակումները սկսան Պաքուի մէջ 1905 Փետրուար 19-ին եւ իսկական ջարդի մը բնոյթը ստացան 20 եւ 21-ին։ Հայերը ռուս իշխանութեան պաշտպանութիւնը խնդրեցին։ Սակայն ռուսերը՝ մեղսակից թուրքերուն, մերժեցին միջամտել։ Այն ատեն Պաքուի հայերը իրենց ճակատագիրը իրենց ձեռքերուն մէջ առին։ Փետրուար 21-ին, երիտասարդ հայեր, աճապարանքով մէկտեղուած ատրճանակներով եւ զէնքերով զինուած՝ իջան փողոցները, ուր լեցուած էին թաթար զինեալ հորդաներ։ Ռուս ոստիկանութիւնը եւ զինուորները, մինչ այդ անգործօն եւ անշահագրգիռ դիտողի դերին մէջ, փորձեցին զինաթափել հայերը, որով հայերը կրկնակի վտանգ մը դիմագրաւելու հարկին տակ գտնուեցան. մէկ կողմէ՝ զգուշանալ իշխանութեանց ուժերու ձեռք իյնալէ եւ միւս կողմէ դէմ դնել ջարդարար հորդաներուն։ Հակաառակ այս աստիճան աննպաստ պայմաններուն, հայեր յարձակողականի անցան։ Իրիկուան դէմ, թաթարները դուրս վտարուած էին հայոց եկեղեցիի եւ կայարանի մերձակայ բոլոր փողոցներէն։ Յաջորդ առտու հայերը յառաջացան դէպի այլ թաղամասեր եւ ճամբաներու վրայ ցրուեցին թաթար հորդաները։ Փոխադարձութիւնները արիւնալի էին. թաթար դիակներու թիւը կը շատնար փողոցներու մէջ։ Այն ատեն է, որ թաթար մէծամեծներ կառավարիչին մօտ վազեցին խնդրելով, որ վերջ դնէ կռիւներուն»։ Ռուս ոստիկանութիւնն ու զօրքը, որոնք մինչ այդ կրաւորական դիտող հանդիսացած էին կռիւին, իբրեւ ցարական իշխանութեան հրահանգով գրգռում սերմանողներ եւ որոնք դէպքերով չէին շահագրգռուած այնքան ատեն որ թաթարները յաղթական կը թուէին ըլլալ, դուրս եկան իրենց անգործութենէն։ Հայկական հակայարձակումի յաջողութիւն տեսնելով, ռուս իշխանութիւնները միջամտեցին եւ համակերպեցան կարքը վերահաստատել։
Դաշնակցութիւնը իր ինքնապաշտպանութեան եւ հակադարձութեան արարքը պսակեց Նակաշիձէի ահաբեկումով։ Նակաշիձէն՝ Պաքուի կառավարիչը, Ս. Փեթերսպուրկի ամօթալի քաղաքականութեան գլխաւոր գործակատարներէն մէկը ի յայտ եկած էր։
Անդրկովկասի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, Արմէն Գարոյի կողմէ ղեկավարուած հայկական դիմադրութիւնը կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Եօթը օր տեւող կռիւներուն ընթացքին, 500 հայ կամաւորներ նահանջի մատնեցին 1500 զինեալ թաթարներ, ծանր կորուստներու ենթարկելով զանոնք։ Այս թաթար հորդաները եկած էին մերձակայ շրջաններէ, տեսակ մը ռուս իշխանութեանց երաշխաւորութեան տակ եւ առատօրէն պարենաւորւած պարկերով, որոնց մէջ պիտի դնէին ու տանէին իրենց յափշտակած աւարները։ Ասոնք հարկադրուեցան վերադառնալու պարապ ձեռքով եւ բազմաթիւ զոհեր տուած։
Այս եղաւ 1905-ի ջարդերուն պատմութիւնը։ Ծանր ձախողութեան մատնուեցաւ ռուս յետադիմական խմբակը, վարհաբեկուելով ոչ միայն հայոց աչքին, այլ իր իսկ ժողովուրդին եւ Եւրոպայի հանրային կարծիքին առջեւ։ Այդ ջարդերը կը ներկայացնեն, իրականին մէջ, վերջին մէկ արարը քաղաքականութեան մը, որ կամաց-կամաց ապառած էր իր բոլոր միջոցները։