Harry Potter and The Goblet of Fire
Harry Potter and The Goblet of Fire-ը 4-րդ գիրքն է Հէրի Փոթըրի Վիպաշարի շարքին, գրուած Ճոան Ռոուլինկի կողմէ: Հրակարակուած է 8 Յուլիս, 2000 թուականին: ֆիլմը բեմադրուած է Տէյվիտ եթսի կողմէ, գրողն է՝ Սթիւ Քլովսը, արտադրիչներն են՝ Տէյվիտ Հեյմանը, Տէյվիտ Bարոնը եւ Ճոան Ռոուլինկը: Գիրքը հրատարակուած է Bloomsbury Publishing-ի կողմէ, իսկ անոր ֆիլմը հրատարակուած է 18 Նոյեմբեր, 2005 թուականին:
Հեղինակ | Ճոան Ռոուլինկ |
---|---|
Թարգմանիչ | Հայերէնի՝ Լիլիթ Մկրտիչեան |
Երկիր | Կաղապար:Դրօշաւորում/Անգլիա |
Լեզու | Անգլերէն |
Շարք | Հէրի Փոթըրի Վիպաշար |
Հերթական թիւ | 4-րդ գիրք |
Հրատարակուած | 8 Յուլիս, 2000 |
Հրատարակող | Bloomsbury Publishing |
Գիրքի տեսակ | Գիտական, երեւակայութիւն եւ արկածային գրականութիւն |
Նախորդ գիրք | Harry Potter and The Prisoner of Azkaban |
Յաջորդ գիրք | Harry Potter and The Order of The Phoenix |
Նիւթը
ԽմբագրելՎերջին երեք գիրքերուն մէջ, Հէրի Փոթըրը կը չարչարուի ապրելով իր մօրաքրոջ եւ իր ամուսինին եւ տղուն հետ որովհետեւ անոնք չեն սիրեր իրեն: Գիրքը կը սկսի երբ Հէրին երազ մը կը տեսնէ որ Voldemort-ը անմեղ մարդու մը կը մեռցնէ ու ան սարսափով ու իր վէրքի ցաւով կ'արթննայ: Հէրին ամառը կը մնայ իր ընկերոջ, Ռոնալտ Ուիզլիին տունը եւ անոնք հոգ կը տանին անոր եւ Հըրմայոնի Կրէյնճըրին: Մի քանի օր ետք, անոնք կ'երթան կախարդներու համաշխարհային Quidditch խաղին ու կը ծանօթանան Տիկորի ընտանիքին: Խաղէն ետք, Voldemort-ի հետեգորդներէն մէկը կը յարձակի այդ վայրին վրայ եւ առաջին անգամ ըլլալով 13 տարուայ մէջ, կը յայտնուի Մահուան նշանը երկնքին մէջ։ Կախարդական նախարարները կ'ըսեն թէ այս house elf, Ուինքիին յանձանքն է, եւ ինք Հէրիին կախարդական փայտիկը գողնալով այս մէկը կատարեց:
Երբ անոնք կը վերադառնան Hogwarts, Dumbledore-ը կը յայտարարէ թէ Ալասթոր Մուտին պիտի ըլլայ իրենց պաշտպանութեան պարոնը: Նաեւ Hogwarts-ի մէջ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Triwizard-ի խաղերը եւ ուրիշ դպրոցներէ մարդիկ մաս պիտի կազմեն այս խաղերուն եւ յաղթողը պիտի շահի մեծ գումար: Բայց միայն անոնք որոնք 17 տարեկանը ամբողջացուցած են կրնան մասնակցիլ այս վտանգաւոր մրցումին: Առաջին անգամ ըլլալով 202 տարուայ մէջ այս մրցումը կը կատարուի նորէն որովհետեւ շատ վտանգաւոր է: Մի քանի օր ետք, հրէ գաւաթը պիտի ընտրէ 3 աշակերտներ: Սետրիք Տիկորի, Hogwarts-էն, Վիքթոդ Քրամը, Durmstrang-էն եւ Ֆլիւր Տելաքոր, Beauxbatons-էն: Բայց առաջին անգամ ըլլալով գաւաթը չորրորդ անուն մե կը ներկայացնէ եւ այդ Հէրիին անունն է: Ռոնը կը նախանձի Հէրիէն եւ իր հետ չխօսիր:
Առաջին մրցաշարքը կ'ըլլայ վիշապներու հետ կռուիլ եւ Հէրին ատոր մէջ կը յաջողի: Իսկ յաջորդ մրցումի պատասխանը կը գտնուէր ոսկէգոյն հաւկիթի մը մէջ եւ Սետրիք կ'օգնէ Հէրիին որ գտնէ պատասխանը: Ֆլիւրը կը ձախողի այս երկրորդ մրցումին: Իսկ վերջին մրցումը որ ամէնէն դժուար եւ վտանգաւորն է տեղի կ'ունենայ պարտէզի մը մէջ որ կախարդուած է եւ դժուարութիւններ ունի: Բոլորը կը մտնեն հոն եւ կը սկսին մրցիլ թէ ով աւելի շուտ պիտի հասնի բաժակին: Ֆլիւրը եւ Քրամը կը վիրաւորուին եւ խաղէն դուրս կ'ելլեն: Սետրիքը եւ Հէրին նոյն ժամանակ կը հասնին բաժակին եւ միասին կը բռնեն այդ: Բայց փոխարէն բաժակը իրենց վերադառձնելու Hogwarts, անոնք կը հասնին գերազմանատուն մը: Հոն կը յայտնուի Փիթըր Փեթիկրիւն, եւ կը սպաննէ Սետրիքին եւ որպէս գերի Հէրին կը պահէ, ու անոր արիւնը առնելով, իր ձեռքը կամաւոր ձեւով կոտրելով եւ Voldemort-ի հօր ոսկորը իր գերազմանատունէն առնելով, Voldemort վերածնունդ կ'ունենայ: Ան կը կանչէ իր հետեւորդները, Death Eater-ները ու բոլորը մէկ կը կռուին Հէրիին դէմ: Հէրիին եւ Voldemort-ին կախարդական փայտիկները իրարու հետ կը կապուին, եւ Հէրին կը տեսնէ իր Մայրը, Հայրը եւ Սետրիքը որ կ'օգնեն իրեն: Երբ կախարդական փայտիկներու կապը կը ջնջուի, Հէրին Սետրիքին մարմինը առնելով կը վազէ դէպի բաժակը ու այդ բռնելով, կը վերադառնան Hogwarts:
Երբ անոնք կը հասնին Hogwarts, Մուտին Հէրիին կը տանի իր սենեակը եւ կը յայտնուի որ Մուտին Voldemort-ի հետեւողներէն մէկն է եւ ծպտուած է: Ինքն էր որ այս բոլոր ծուղակը ստեղծեց որպէսզի Voldemort ունենայ վերածնունդ:
Հէրին կը կոչուի այդ խաղերուն յաղթողը եւ իրեն կը պարգետրուի մեծ գումար մը: Հէրին կը մերժէ եւ կը փորձէ անոնք տալ Սետրիքի ընտանիքին եւ երբ անոնք ալ կը մերժեն, դրամը կը փոխանձէ Ֆրետ եւ Ճորճին, որոնք կը ծիծաղի խանութ մը կը բանան եւ մեծ շահ կը ստեղծեն իրենց ընտանիքին: Իսկ ամառը, Հէրին կը վերադառնայ իր մօրաքրող տունը:
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Հարի Փոթերը եւ Հրե գավաթը (ֆիլմ) IMDb կայքէջին վրայ
- Կաղապար:Kinopoisk