Scandal-ի Դրուագներու Ցանկ
Scandal-ը Ամերիկեան քաղաքական զգայացունց հեռուստաշար մըն է որու գլխաւոր դերասանը Քէրի Ուաշինկթընն է։ Ստեղծուած է Շոնտա Ռայմզի կողմէ եւ թողարկուած է առաջին անգամ ABC-ի վրայ, 5 Ապրիլ 2012-ին[1]: Քէրի Ուաշինկթընի կերպարը, Օլիվիա Փոփ, մասամբ հիմնուած է Ճորճ Պուշի նախորդ տնօրինութեան մամլոյ պատասխանատու Ճուտի Սմիթի վրայ, ով նաեւ կիսարտադրիչ է հեռուստաշարի պատրաստման[2]:
Հեռուստաշարը տեղի կ'ունենայ Ուաշինկթըն Ամերիկեան նահանգին մէջ եւ կը կեդրոնանայ տագնապ լուծող հաստատութեան՝ Օլիվիա Փոփ եւ Ընկերակիցներ (Olivia Pope & Associates) հաստատութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Սպիտակ Տան աշխատակիցներուն վրայ, մասնաւորապէս Նախագահ Ֆիթծճերըլտ Կրէնթ III, Առաջին Կին Մէլի Կրէնթ, Պաշտօնավար Սայրըս Պին, Մամլոյ Պատասխանատու Ապիկէյլ Ուիլըն, Ընդհանուր Փաստաբան եւ Դատախազ Տէյտիվ Ռոզըն եւ փոխ նախագահի պաշտօնավար Էլիզապէթ Նորթ եւ այլ կերպարներուն վրայ։
Քէրի Ուաշինկթընի ընկերակից Օ.Փ.Ը. հաստատութեան մաս կը կազմեն Քէյթի Լոուզ եւ Կիլէրմո Տիազ, Թոնի Կոլտուին իբրեւ նախագահ, Պէլըմի Եանկ իբրեւ նախորդ Առաջին Կին եւ սենաթոր, Ճէֆ Փէրի իբրեւ պաշտօնավար, Տարպի Շթանչֆիլտ իբրեւ մամլոյ պատասխանատու եւ ներկայ պաշտօնավար, Ճաշուա Մալինա իբրեւ կառավարութեան Ընդհանուր Փաստաբան եւ Դատախազ, Սքոթ Ֆոլի իբրեւ NSA-ի տնօրէն, Փորշա Տը Ռոսի իբրեւ փոխ նախագահի պաշտօնավար, Քորնիլիըս Սմիթ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ Օ.Փ.Ը. հաստատութեան աշխատաւոր եւ Ճո Մորթըն իբրեւ Օլիվիայի հայր ու տնօրէն գաղտնի հետախուզական վարչութեան մը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Seidman Robert (May 17, 2011)։ «ABC 2011-12 Primetime Schedule Announced»։ TV by the Numbers։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 26, 2016-ին։ արտագրուած է՝ January 10, 2012
- ↑ Tucker Neely (March 30, 2012)։ «ABC bases 'Scandal' on D.C. insider Judy Smith»։ Washington Post։ արտագրուած է՝ May 21, 2012