The Winner Stands Alone
The Winner Stands Alone-ը, վէպ մըն է գրուած Փաուլօ Քոհելոյին կողմէ: Սկզբնականին, այս գիրքը հրատարակուած էր Փորթուկալերէնով, ու անոր վերնագիրն էր O Vencedor está Só: The Winner Stands Alone գիրքը Փաուլոյին 13-րդ ճանչցուած գիրքն է: Գիքրը կը պատմէ բարձրագոյն դասակարգին պատկանող մարդոց տարբեր կեանքերուն մասին[1]:
Հեղինակ | Փաուլօ Քոելօ |
---|---|
Սկզբնական վերնագիր | 'O Vencedor está Só' |
Թարգմանիչ | Մարկեթ Ճուլ Քոսթա |
Երկիր | Պրազիլ |
Լեզու | Փորթուկալերէն |
Հրատարակչական թուական | 2008 |
Գիրքի տեսակ | Վէպ |
Պատմութեան մասին
ԽմբագրելThe Winner Stands Alone գիրքին մէջ, պատմութիւնը կը խօսի մի քանի կերպարներներու մասին, օրինակ՝ Իկոր-ին որ Ռուս միլիոնատէր մըն է, Համիտ-ին որ նշանաւոր զգեստներու հնարող մըն է, Կապրիէլա-ին որ Ամերիկացի դերասանուհի մըն է, Սավոյ-ին որ գաղտնի ոստիկան մըն է եւ Ճազմին-ին որ գեղեցկուհի մըն է:
Պատմութիւնը տեղի կ'ունենայ միայն 24 ժամերու ընթացքին, Քանսի ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ: Գլխաւոր կերպարը՝ Իկորը, իր կնոջ Էվային սէրը ետ ստանալու համար (որ այն ժամանակ ամուսնացած էր Համիտին հետ) կը սկսի բարձրագոյն դասակարգէն մարդոց սպանել ու աշխարհներ քանդել որպէսզի Իվային ուշադրութիւնը գրաւէ: