«Նուպար Տիճիթըլ» տպարան
«Նուպար Տիճիթըլ» տպարան, Եգիպտոսի տպարաններէն մին, որ հիմնուած է Գագիրէի մէջ 13 Նոյեմբեր 1939-ին, թիւ 14, Ղէյթ էլ նուպի փողոց հասցէին։ Հիմնադիր-սեփականատէրը եղած է Պօղոս Սիմոնեան:
Տպարանին պատմութիւնը
ԽմբագրելՀիմնադրութենէն ետք, յետագային, տպարանին գործունէութեան հասցէները յաջորդաբար եղած են․
- թիւ 56, Խալլաթ Փողոց, Շուպրա,
- Ապտ Էլ Ազիզ փողոց,
- Թէրաա Էլ Պուլաքէյա,
- Շուպրա (Մարտ 1959)
- թիւ 6ա, Մատրասէթ էլ Մոալլիմին փողոց, Ռօտ Էլ Ֆարակ, Գահիրէ:
«Նուպար» Տպարանը սկզբնական շրջաններուն գործած է իր ժամանակի կապառէ տառերու գործածութեան դրութեամբ, որուն հետեւած է վիմատպագրութեան կիրարկումը Խալլաթ եւ Ապտ Էլ Ազիզ փողոցներու իր վայրերուն մէջ:
1959-էն սկսեալ, Նուպար եւ Հրաչ Սիմոնեան եղբայրները իրենց հօրենական տպարանը օժտած են արդիական Ֆօթօ-Լիթո-Օֆսէթ կազմածներով եւ նորագոյն տպագրական դրութեամբ:
1974-էն սկսեալ, տպարանին մէջ գործած են Հայտէլպըրկ մակնիշով գունաւոր տպագրութեան արդիական կազմածները: Տպարան «Նուպար»ի արդիական սարքաւորումներով նոր կառոյցը հաստատուած է 2001-ին Գահիրէի մերձակայ Էլ Ուպուր քաղաքին մէջ, Էլ Մանթէքա Էլ Սէնաէյա, թիւ 13 փողոց, թիւ 13 շէնքի հասցէին, «Էլ Նուպար» տպարաններ վերանուանումով եւ սեփականատիրութեամբ՝ Նուպար եւ Հրաչ Սիմոնեան Եղբայրներու:
Միւս կողմէ, Շուպրայի նախորդ վայրին մէջ, 2013-էն ի վեր կը գործէ «Նուպար Տիճիթըլ» (NUBAR DIGITAL) անունով եւ թուայնացումի նորագոյն դրութիւններով գործող տպարանը, «Նուպար Սիմոնեանի եւ Որդիք»ի սեփականատիրութեամբ[1]:
Հրատարակութիւնները
Խմբագրել«Նուպար» տպարանի աւելի քան 75-ամեայ տարեգրութեան ընթացքին լոյս տեսած են եգիպտահայ մամուլի աւելի քան քսան պարբերականներ, իրենց շաբաթական, ամսական, եռամսեայ, կիսամեայ եւ տարեկան բնոյթներով:
Հրատարակուած են շուրջ 150 հատորներ եւ գրքոյկներ, ինչպէս նաեւ միութենական ձեռնարկ-հանդիսութիւն-ոգեկոչումներու բազմատասնեակ պրակներ եւ յայտագիրներ:
Տպարանը իր հիմնադրութեան օրերէն խրախուսողը եղած է հայատառ հատորներու եւ պարբերականներու տպագրական նախաձեռնութիւններուն, զուգահեռ՝ օտարալեզու հրատարակութիւններու, բացիկներու, ծանուցումներու եւ յայտագիրներու: Ներկայիս, իր ունեցած տպագրական գործունէութիւնը ընդգրկած է եգիպտական շուկայէն դուրս արաբական, եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասի երկիրներ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Նուպար Տիճիթլ (Nubar Digital)»։ greenstone.flib.sci.am։ արտագրուած է՝ 2021-05-17