«Շանել թիւ 5» Օծանելիք

«Շանել թիւ 5» Օծանելիք»ը[1] աշխարհի ամէնէն շատ վաճառուող օծանելիքն է եւ մինչեւ օրս կը մնայ ամէնէն փնտռուածներէն մէկը:

Պատմութիւն

Խմբագրել
 

1921-ին[2], երբ Կապրիէլ Շանել արդէն իր ոճը պարտադրած էր Փարիզի նորաձեւութեան աշխարհին, կ'որոշէ ստեղծել իր սեփական օծանելիքը: Ան կը դիմէ ռուս ցարերու արքունիքի նախկին բուրագործ Էրնեսթ Պոյի, որուն առաջարկած բազմաթիւ նմուշներէն ոճաբանը կ'ընտրէ թիւ 5 նմուշը: Երբ հարցը կը հասնի այս նոր օծանելիքին անուն տալու, Կապրիէլ Շանել կ'որոշէ զայն մկրտել «Շանել թիւ 5», քանի որ 5 Մայիսին (հինգերորդ ամիս, հինգերորդ օր) հրապարակ պիտի իջնէր անուշահոտը, եւ այս թիւին մէջ ան կը տեսնէ երջանիկ նախանշան մը:

Համաշխարհային յաջողութեան հասած օծանելիքը նոյնիսկ առասպելի աստիճանի կը հասնի, երբ 1954-ին Մարիլին Մոնրոն հարցազրոյցի մը առիթով կը յայտարարէ, որ քնանալէ առաջ միայն քանի մը կաթիլ «Շանել թիւ 5» կը կրէ:

Ստեղծումէն ի վեր օծանելիքը ներկայացուած է աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կանանց կողմէ, ինչպէս` Քարոլ Պուքէ, Նիքոլ Քիտման եւ Վանեսա Բարատի:

Ինչ կը վերաբերի օծանելիքի սրուակին, ոճաբանը անձամբ կը պատկերացնէ եւ կը ձեւաւորէ զայն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Շանել թիւ 5» Օծանելիք»
  2. ««Շանել թիւ 5»»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-28-ին։ արտագրուած է՝ 2024-02-24