Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան ծնած 23 Յուլիս 1972թ.-ին, Վրաստանի Հանրապետութեան Պաթումի քաղաքին մէջ։ Սրբազան Հայրը կը խօսի Հայերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Ռուսերէն, Վրացերէն եւ Պուլկարերէն։
Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան | |
---|---|
Ծնած է | 23 Յուլիս 1972թ |
Ծննդավայր | Պաթում, Վրաստան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Աշխատավայր | Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան (աւազանի անունով Սամուէլ) Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ:
1979 – 1989 թուականներուն Պաթումիի մէջ ստացաւ իր տարրական կրթութիւնը՝ Պաթումիի Ստեփան Շահումեան հայկական դպրոցին մէջ։
1989 – 1995 թուականներուն, ուսանեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Աստուածաբանական Դպրեվանքին մէջ, ու պաշտպանեց իր աւարտական թեզը՝ «Հայ Վարդապետական Մտածողութեան Արձագանգները՝ Մատթէոսի Աւետարանի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի թարգմանութեան» խորագիրով։
1995թ. Գերաշնորհ Անանիա Եպս. Արապաջեանին կողմէ ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ։
2 Յունիս 1996թ.-ին՝ ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Շահէ Արքեպիսկոպոս Աճէմեանին կողմէ եւ ստացաւ քահանայական Աբգար անունը։
1996 – 2001թթ., Հայր Սուրբը կը ծառայէր Վիրահայոց Թեմէն ներս՝ որպէս Վրաստանի Հանրապետութեան Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ։
2001 – 2004թթ., Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ շարունակեց իր բարձրագոյն կրթութիւնը, Աւստրիայի Սալզպուրկի Աստուածաբանական Համալսարանին մէջ, ու ստացաւ Աստուածաբանութեան Վարդապետի աստիճան։
2006թ. Հայր Սուրբը պաշտպանեց իր քննախօսութիւնը՝ «Դիոնիսիոս Արիոբագիթը Հայկական Մատենագիտութեան Մէջ» եւ ստացաւ Վարդապետի կոչումը։
2005 – 2010թթ., Հայր Սուրբը ծառայած է որպէս Փոխ-Առաջնորդ Սիւնիքի Հայոց Թեմին՝ օգնելով Առաջնորդին աւետարանչական աշխատանքին եւ յաջողութեամբ կազմակերպած է երիտասարդական քարոզչութիւն՝ Առաջնորդարանին մէջ։
2010 – 2011թթ., Հայր Սուրբը, որպէս Հովիւ կը ծառայէր Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանի Համիլթընի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ Սէնթ Քաթրինզի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ յարկերու տակ։
2011թ., Հայր Սուրբը նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ։
9 Յունիս 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայրապետական գիրով հաստատեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան,Պուլկարիայի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վարդապետ Յովակիմեանի ընտրութիւնը Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնին:
23 Յուլիս 2014-ին Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան նշանակուած է Գանատայի թեմի առաջնորդ:
«Անդրանիկ Օզանեան» շքանշան
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու կազմաւորման 25-ամեակին առթիւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարին հրամանով պարգեւատրուողներու շարքին է նաեւ Գանատայի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեան: Անոր շնորուած է «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանը:
Թեմակալ Առաջնորդը
ԽմբագրելԹեմակալ Առաջնորդը՝ գլուխն է Թեմին եւ Գանատայի մէջ կը ներկայացնէ Նորին Սուրբ Օծութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Ան նախագահն է եւ գործադիր տնօրէն Թեմական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի բոլոր թեմակալ կազմակերպութիւններուն ու յանձնախումբերուն։
Իր որոշումները բոլոր կրօնական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերու մէջ՝ վերջնական են, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օրէնքներու եւ կանոններու ընդհանուր սահմանին մէջ։
Իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ ան պաշտօնական յարաբերութիւններ կը պահէ ուրիշ եկեղեցիներու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ քաղաքային իշխանութիւններու հետ։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ԱԲԳԱՐ ՎՐԴ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ԸՆՏՐԵԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Գանատայի թեմի առաջնորդը պարգեւատրուած է «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանով[permanent dead link]