Ականջ-Քիմք-Մատնային (ԱՔՄ) Համախտանիշ

Ականջ-Քիմք-Մատնային (ԱՔՄ) Համախտանիշ (Auto-Palato-Digital (OPD) Syndrome), որ հայերէնով կը կրճատուի իբրեւ՝ ԱՔՄ համախտանիշ:

ԱՔՄ համախտանիշը ծինային, ընդոծին եւ ժառանգական հիւանդութիւն մըն է: Ծինաբաններ ստուգած են, որ այս համախտանիշը հետեւանքն է անբնական ծինի մը կառուցուածքին:

ԱՔՄ Համախտանիշի Դրդապատճառներ
Խմբագրել

Անիկա կը պատահի տղոց եւ աղջիկներու մօտ: Այս համախտանիշը ունեցող անհատներու ծնողքը, այսինքն` հայր եւ մայր ընդհանրապէս կ'ըլլան առաջին կարգի կամ երկրորդ կարգի հօրեղբօրորդիներ: Անիկա բացայայտօրէն նկարագրուած է բժշկական գրականութեան մէջ:

ԱՔՄ Համախտանիշի Հիմնական Ախտանշաններ

Խմբագրել

ԱՔՄ համախտանիշի հիմնական հիւանդագին ախտանշաններն են.

  • լսողութեան տկարացում` միջին ականջի ոսկրիկներու պնդացումով եւ անշարժութեամբ,
  • քիմքի անբնական երեւոյթ` թերաճութիւն, տձեւութիւն, քիմքի բացուածք-ճեղք (cleft palate)
  • ոտքի ու ձեռքի մատներու զանազան տձեւութիւններ, օրինակ` կարճ կամ երկար մատներ, մեծ բութ:

Անիկա երբեմն կը յայտնուի իրանա-ոսկրային (skeletal) զանազան տձեւութիւններով, ուղեղային եւ կրծքավանդակային անբնական երեւոյթներով:

ԱՔՄ Համախտանիշի Դասակարգում
Խմբագրել

ԱՔՄ համախտանիշը ունի երկու դասակարգում`  ԱՔՄ-1 եւ ԱՔՄ-2:

ԱՔՄ-1-ը մեղմ տեսակն է, որ առաւելաբար կը տեսնուի իգական սեռին մօտ, իսկ ԱՔՄ-2-ը աւելի բարդ տեսակն է, չափազանց ցցուն ախտանիշներով, որ կը տեսնուի առաւելաբար մանչերու մօտ: ԱՔՄ-2-ի ցցուն ախտանշաններէն են`

  • մարմնական ընդհանուր ոսկրային այլակազմութիւն եւ արատակազմութիւն (dysplasia),
  • մարմնական ընդհանուր դանդաղ աճ,
  • սրտային եւ ուղեղային վատառողջ երեւոյթներ,
  • պզտիկ ծնօտ,
  • պակասաւոր մատներ,
  • թերաճ կրծքավանդակ եւ կողոսկներ (ribs),
  • շնչառութեան դժուարութիւն,
  • ուղեղաջուրի (cerebrospinal fluid) կուտակում ուղեղին շուրջ,
  • փորի օրկաններու պորտէն դուրս արտանկում,
  • միզափողի (ureter) նեղացում,
  • տղոց միզուկի (urethra) տձեւութիւն` առնանդամին յատակէն բացուածք:

Այս ծանր յատկանիշներով ծնած մանուկը ընդհանրապէս երկար չ'ապրիր, ան կը մահանայ ծնունդէն 1-3 տարի ետք:

ԱՔՄ համախտանիշի երկու խմբաւորումներն ալ հետեւանքն է X երփնամարմնին  (chromosome) վրայ գտնուող անբնական եւ այլափոխուած (mutatated) ծինի մը, որ կը կոչուի FLNA ծին:

Այս համախտանիշին ախտաճանաչումը կը կատարուի` հիմնուելով հիւանդին ունեցած ախտանշաններու, բժշկական քննութիւններու եւ ծինային ուսումնասիրութիւններու վրայ: Խիստ կարեւոր է տեսնել այլափոխուած ծինը X  երփնամարմնին վրայ[1][2]:

Դարմանում

Խմբագրել

ԱՔՄ համախտանիշի ախտանշանները կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութիւններով:

Որովհետեւ այս համախտանիշը ժառանգական է, նախամուսնական խորհրդաբժշկութիւնը (counselling) կարեւոր է: Այս մէկը ա՛լ աւելի պարտաւորիչ պէտք է ըլլայ շատ մօտիկ ազգականական ամուսնութիւններու պարագային:

ԱՔՄ համախտանիշը առաջին անգամ նկարագրուած եւ զեկուցուած էր բժշկական համաշխարհային գրականութեան մէջ 1962-ին, բժիշկ Թէյպիի կողմէ:

Այս համախտանիշը ժառանգական է, հետեւաբար մօտիկ ազգականական ամուսնութիւնները քաջալերելի չեն` հեռու մնալու համար հազուադէպ համախտանիշերէ եւ ժառանգական հիւանդութիւններէ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել