Աղբիւրի Մօտ (նկար)

«Աղբիւրի Մօտ», ՀԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչ Արփենիկ Նալպանտեանի 1957-ին ստեղծած կտաւը, որ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ[1]: Նկարը աչքի կը զարնէ սուր դիտողականութեամբ եւ նուրբ քնարականութեամբ[2]:

Նկարի չափերն են՝ 63x85 սմ, նիւթը՝ կտաւ, իւղաներկ[3]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Արփենիկ Նալպանտեանի ստեղծագործական նիւթին մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնէ խորհրդային կեանքը, հասարակ ժողովուրդի առօրեան: Անոր ստեղծագործական կեանքի երկրորդ շրջանին կտաւները կը դառնան աւելի կենսալի եւ գեղարուեստական ձեւի առումով աւելի հասուն:

«Աղբիւրի Մօտ» կտաւը հեղինակը ստեղծած է տարուած ըլլալով Բջնիի բնաշխարհով եւ ծանօթանալով տեղի բնակչութեան կեանքին ու առօրեային: Բջնիի մէջ կատարուած աշխատանքներուն մէջ կ'ամբողջանան Նալպանտեանի ստեղծագործական որոնումները եւ նկատելի կը դառնան նկարչուհիի արուեստի զարգացման յետագայ ուղիները[4]:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

«Աղբիւրի Մօտ» կտաւը լի է լուսաւոր գոյնով, հարուստ երանգներով, օդառատ է: Ծրագիրը պատկերելու համար Նալպանտեանը առանձին որոնումներ չէ կատարած, այլ պատկերած է այն, ինչ տեսած է: Արտաքինէն չերեւցող, բայց մտածուած դասաւորութիւնները, իմաստաւորուած կապը, միջավայրի աշխոյժ օգտագործումը կենսական համոզչականութիւն կը հաղորդեն աշխատանքին:

Տես նաեւ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Արփենիկ Նալպանտեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի գրացուցակ (Նախաբան` Ե. Մարտիկեան, խմբագիր` Ե. Կուրդոյեան) – Ե., 1948
  • Հայաստանի Պետական պատկերասրահ – գրացուցակ, Ե., 1965, էջ 137
  • կատալոգ 100 (Հեղինակ` Հ. Բադալեան) – գրացուցակ, Ե., 2016

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել