Աղեքսանդրիոյ հին մատենադարան

Աղեքսանդրիոյ Հին Մատենադարան (հին յուն․՝ Βιβλιοθήκη τῆς Ἀλεξάνδρειας, լատ.՝ Bibliotheca Alexandrina), հնագոյն շրջանի մեծագոյն մատենադարաններէն մէկը, որը (Ք.Ա.) 3-րդ դարէն մինչեւ (Ք.Ե.) Դ. դար գոյութիւն ունեցած է:

Բնակավայր
Աղեքսանդրիոյ հին մատենադարան
Երկիր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս (Հռոմէական նահանգ), Հռոմէական Կայսրութիւն
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ 3-րդ դար

Պատմութիւն

Խմբագրել

Պտղոմէոսեաններու շրջանին Աղեքսանդրիա քաղաքակիրթ աշխարհի եդեմն էր` շնորհիւ իր համալսարանին եւ այս մատենադարանին, որոնց հռչակը տարածուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ:

Աղեքսանդրիոյ մատենադարանէն առաջ ծանօթ էին Պղատոնի ակադեմիոյ գրադարանը եւ յոյն իմաստասէրներու խմբակցութեանց մատենադարանները:

Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը միւս բոլորէն գերազանց էր թէ՛ իր կարեւորութեամբ եւ թէ՛ համբաւով, տրուած ըլլալով, որ հին աշխարհի առաջին պետական մատենադարանն էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով պետութիւնը կ'օժանդակէր գիտութեան եւ մշակոյթի տարածումին: Նոյնիսկ Աթէնք, որ գիտական եւ իմացական ճաճանչաւորումի աղբիւր մըն էր այդ միջոցին, հանրային մատենադարան չունէր: Իր բոլոր գրադարանները անհատական էին:

Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը հատորներու կամ ձեռագիր պատատներու (պիպլիա) շատ կարեւոր հաւաքածոյ մը ունէր: Երբ Յուլիոս Կեսար Աղեքսանդրիա կը հասնի, շուրջ 700 հազար ձեռագիր պատատներ կային, որոնց վրայ ՔԼէոփաթրա թագուհին կ'աւելցնէ 200 հազար ուրիշներ, զորս իրեն նուիրած էր իր սիրահարը` Անտոնիոս եռապետը:

Պտղոմէոսեանները որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ չէին առներ մատենադարանին հայթայթելու համար բնագիր վաւերաթուղթեր եւ յունարէն թարգմանութիւններ: Պտղոմէոսեաններէն մէկը պատգամաւոր կը ղրկէ Աթէնք` Եւրիպիդեսի ողբերգութիւններուն բնագիրը խնդրելու համար: Պիտի ընդօրնակուէր եւ պիտի վերադարձուէր: Իբրեւ երաշխաւորութիւն մեծ գումար մը կը վճարուի աթենացիներուն: Սակայն ընդօրինակութիւնը աւարտելէ ետք վեհապետը կը նախընտրէ բնագիրը պահել եւ ընդօրինակութիւնը ղրկել Աթէնք` հոգ չընելով, որ կը կորսնցնէր երաշխաւորագինը:

Մատենադարանին Ճակատագիրը

Խմբագրել

Համալսարանը եւ մատենադարանը առաջին աղէտին կ'ենթարկուին Պտղոմէոս Ը.-ի օրով, երբ ան այս հիմնարկութեանց հսկողութիւնը կը վստահի պալատականի մը, որ իր նախորդներուն չափ կրթութիւն չունէր: Աղեքսանդրիացիները կ'ընդվզին Պտղոմէոսի դէմ` անոր բռնապետական արարքներուն պատճառով:

Հռչակաւոր մատենադարանին կործանումը եւ անհետացումը կը ներկայացուի զանազան ձեւերով: Առասպելի մը համաձայն, որ երկար ատեն տարածուած էր, իբր թէ մատենադարանը կը կործանի արաբներու կողմէ, երբ անոնք կը գրաւեն Աղեքսանդրիան, եւ իբր թէ անոր պարունակած գիրքերը կը ծառայեն տաքցնելու քաղաքին բոլոր հանրային բաղնիքները: Բազմաթիւ պատմագիրներ կը հերքեն այս զրպարտութիւնները: Անոնք միաձայնաբար կը հաստատեն, որ արաբները ոչ միայն այդպիսի բարբարոսութիւն չեն գործեր, այլեւ ընդհակառա՛կն, կը գնահատեն հիներու գիտութիւնը եւ անյագօրէն նոր ծանօթութիւններ կը քաղեն անոնց գործերէն: Պատմութեան ընթացքին կը հաստատուի արաբներու հոգածութիւնը` հիներու գիտութիւնը զարգացնելու եւ աւելի եւս առաջ տանելու մասին:

Մատենադարանը հրդեհէ մը կը վնասուի Ք. Ա. 48-ին, երբ եգիպտական ուժերուն հրամանատարը` Աքիլէոս կը յաջողիպհրկիզել Կեսարի նաւատորմը եւ բոցերը հովէն մղուելով` կը հասնին Աղեքսանդրիոյ քանի մը յիշատակարաններուն:

Բազմաթիւ մատենագիրներ կը պատմեն նաեւ, որ մատենադարանը կը կործանի կողոպուտի մը ընթացքին, որ տեղի կ'ունենայ հռոմէական իշխանութեան օրով: Վերջապէս (շատեր կը պատմեն, որ մատենադարանը քաղաքին ըմբոստացած բնակիչներուն փոխվրէժի զոհը կ'ըլլայ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու ընթացքին: Բայց կը թուի, որ այս դէպքը կը վերաբերի ուրիշ մատենադարանի մը, որ հրոյ ճարակ եղաւ Սերափիս տաճարին հետ, քրիստոնեաներու ըմբոստութեան ընթացքին) [1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել