Աղձնիքի Այր Մարդոց Տարազներ

Աղձնիքի Այր Մարդոց Տարազներ, Հայաստանի Աղձնիք շրջանի տղամարդոց հագուկապին ամբողջութիւնն է։

Աղձնիքի մէջ այր մարդոց ներքնազգեստին համար կը գործածէին ճերմակ կտաւ։ Շալվարը (շըլուար) կը կարէին բուրդ կերպասէ եւ սեւ կը ներկէին։ Կար շալվարի յատուկ տեսակ՝ մատանի շալվարը, որուն փողքաբերանները եւ կողքի կարերը կը զարդարէին ասեղնագործութեամբ։

Ելակը եւ ապան կ'ամբողջացնէին Աղձնիքի արական տարազը։

Կը կապէին պարզ եւ մետաքսաթելէ հիւսուած գօտի։ Վերջինս կը կապէին նշանուած եւ ամուսնացած այր մարդիկ։ Գօտին Աղձնիքի մէջ բազմատեսակ նշանակութիւն ունէր։ Տարեց մարդիկ գօտիէն կը կախէին ծխախոտի տոպրակը, ինչպէս նաեւ ծխամորճը։ Աւելի երիտասարդները գօտիի ձախ կողքէն կը կախէին ճերմակ բռնակապով կեռ դաշոյնը։

Գլխարկ

Խմբագրել

Աղձնիքի այրերը կը գործածէին գլխարկի երկու տեսակ՝ գդակ եւ քոլոզ, որուն շուրջ փուշի կը փաթթէին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • «Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու», Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչութիւն, էջ 27-28։