Աղմուկը Եւ Անոր Վնասները
Աղմուկը տարբեր ձայներու խառնուրդ մըն է, որ ունի բարձր ուժգնութիւն եւ զանազան ու անկանոն ելեւէջներ[1]: Այն ձայները, որոնք չեն գնահատուիր մարդոց կողմէ եւ ենթակայական անհանգստութիւն կը պատճառեն, կը կոչուին աղմուկ: Բարձր, երկար եւ ընդհատուած ձայները աւելի անհաճոյ են, քան` մեղմ, կարճ եւ շարունականները: Աղմուկը արդի դարու քաղաքակիրթ աշխարհի լուրջ հարցերէն եւ գանգատներէն մէկն է, նոյնիսկ` հիւանդութեան մը անմիջական պատճառը: Մարդիկ իրենց մտային պաշարը կը գործածեն գիտական զանազան մարզերու մէջ նորութիւններ բերելու մարդու օգուտին համար: Սակայն, այս օգտակար նորութիւններուն կողքին, կ'արտադրուին այնպիսի աղմկարար սարքեր, որոնք կ'ունենան աներեւակայելի վնասակար եւ քանդիչ հետեւանքներ[2]:
Վնասներ
ԽմբագրելԱղմուկը որոշապէս կը վնասէ լսողութեան: Ան կը փճացնէ ներքին ականջի լսողութեան ջիղի բջիջները եւ կը յառաջացնէ լսողութեան զգալի տկարութիւն: Տարբեր ուժգնութեամբ աղմուկներ կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի լսողութեան տկարացումներ: Ներքին ականջի զանազան բաժինները տարբեր ձեւերով կ'ազդուին որոշ ուժգնութիւն ունեցող աղմուկէ:
Աղմուկին պատճառած լսողութեան տկարութիւնը ընդհանրապէս մնայուն է եւ անդարմանելի, որովհետեւ ներքին ականջի լսողութեան բջիջները երբ վնասուին, անկարելի կ'ըլլայ անոնց վերանորոգումը եւ փոխարինումը նորերով: Լսողութեան այս մնայուն տկարութիւնը կախեալ է հետեւեալ չորս ազդակներէն` աղմուկի ուժգնութիւն, ձայներու կազմուածք, աղմուկի տեւողութիւն եւ աղմուկի ընդհանուր ենթակայութիւն:
Աղմուկը ընդհանրապէս ցաւ չի պատճառեր:
Աղմուկին Խմբաւորումները
ԽմբագրելՆկատի ունենալով աղմուկին ուժգնութիւնը` կարելի է բաժնել աղմուկի աղբիւրները երեք խմբաւորումներու`
- Տուներուն, գրասենեակներուն եւ գործատեղիներուն սովորական աղմուկը,
- Փողոցի երթեւեկի եւ փոքր գործարաններու ժխորը,
- Ճարտարարուեստական մեծ գործարաններու, օդակայաններու եւ ռումբերու գերբարձր ուժգնութիւնը, ինչպէս նաեւ` յաճախ ճաշկերոյթներու ու հաւաքոյթներու ընթացքին մատուցուած ներկայ դարուս ոչ դասական երաժշտութեան ուժգնութիւնը:
Աղմուկը կրնայ վնասել շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, եւ լսողութեան տկարացումը կը մնայ թաքուն, այսինքն՝ ենթական չի գանգատիր լսողութեան տկարացումէ: Այս պարագան ի յայտ կու գայ բժշկական մանրակրկիտ լսելաչափական քննութեամբ:
Դրդապատճառներ
Խմբագրել- Զօրաւոր պայթումներ, հրթիռներ եւ ռումբեր կը վնասեն ականջի թմբուկին` յառաջացնելով մասնակի կամ ամբողջական թմբուկի պատռուածք, միջին ականջի երեք ոսկրիկներուն` յառաջացնելով անջատում, հատում եւ կամ կոտրուածք, ինչպէս նաեւ ներքին ականջի խալիզոնին (cochlea)` յառաջացնելով լսողութեան աղուամազերու տեղաշարժ եւ ցնցում ու խալիզոնային հեղուկի ճնշում: Այս բոլորը կրնան պատահիլ անջատաբար կամ միասնաբար եւ զանազան ախտանշաններով, ինչպէս` լսողութեան տկարութիւն, խլութիւն, ականջի աիւնահոսութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն:
- Օդակայաններու, աղմկոտ գործարաններու, արդի անախորժ երաժշտական հաւաքավայրերու մէջ արտադրուած ձայները նմանապէս ուղղակիօրէն կը վնասեն ներքին ականջի լսողական աղուամազերուն, որոնց մէջ տեղի կ'ունենան կենսաբանական խանգարումներ. ասոնց ախտանշանները կրնան ըլլալ լսողական տկարութիւնը եւ յաճախ ականջաբզզիւնը: Այս ախտանշանները կը յայտնուին դանդաղօրէն, աղմուկի գոյատեւման հետ եւ աւելի եւս կը զարգանան շարունակական ու երկարատեւ աղմուկի միօրինակ ներկայութեամբ:
Աղմուկին այլ ազդեցութիւնները մարմինի ընդհանուր գործելակերպին վրայ
Խմբագրել- Անիկա կ'ազդէ ջղային դրութեան վրայ: Ենթական կը դառնայ ջղագրգիռ, կը տառապի մտային յոգնութենէ եւ կը կորսնցնէ իր կեդրոնացումը:
- Աղմուկը նաեւ կը վնասէ սիրտին, շնչերակներուն, ստամոքսին եւ աղիքներուն: Այս բոլորը ժամանակաւորապէս փոփոխութիւններու կ'ենթարկուին:
- Աղմուկը կը խանգարէ քունը եւ կը նուազեցնէ ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան հանգիստը: Ասոնց պատճառով մեքենավարներ կ'ունենան աւելի յաճախակի արկածներ:
Կանխարգիլում
ԽմբագրելԱկանջի բջիջները հարկ է պաշտպանել՝ չէզոքացնելով աղմուկին աղբիւրը, նուազեցնելով արտադրուած աղմուկին ուժգնութիւնը եւ մեղմացնելով ձայներու փոխանցումը դէպի անհատը: Անհատական պաշտպանութիւնը պէտք է խստօրէն կիրարկուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք ստիպողաբար իրենց կեանքի որոշ ժամերը կ'անցընեն աղմուկի մէջ: Այս պաշտպանութիւնը կարելի է ընել զանազան միջոցներով, օրինակ` ձայնարգելներու (sound mufflers) եւ ականջախցաններու (ear plugs) գործածութեամբ: Իսկ ճաշկերոյթներու եւ հաւաքոյթներու ընթացքին հրամցուած ոչ դասական երաժշտութեան ուժգնութիւնը, այսինքն պարեղանակներու, ժողովրդային եւ ճազ երաժշտութեան ուժգնութիւնը կարելի է մեղմացնել` առանց խանգարելու օրուան ուրախ մթնոլորտը:
Դարմանում
ԽմբագրելՆերքին ականջի վնասումով յառաջացած լսողական խանգարումները վերջնական են եւ անդարմանելի: Իսկ միջին ականջին եւ թմբուկին վնասուելով յառաջացած լսողական խանգարումները դարմանելի են, հետեւաբար` ժամանակաւոր:
Երկարատեւ աղմուկի գոյութիւնը ենթականերուն կը պատճառէ լսողութեան որոշ աստիճանի տկարութիւն եւ կամ խլութիւն: Այս տեսակի խլութիւնը դարմանելի չէ, սակայն որոշապէս` կանխարգիլելի: Յաճախ կը յանձնարարուին զանազան դարմաններ, որոնք ապարդիւն են: Լսողութեան օգնական գործիքներ, եթէ ճշգրտօրէն յանձնարարուին մասնագէտ բժիշկին կողմէ, կրնան մասամբ բարելաւել լսողութեան մասնակի տկարացումը: