Ամսթերտամի Ծաղիկի Շուկայ

52°22′00″N 4°53′29″E / 52.36678°N 4.89135°E / 52.36678; 4.89135

Ամսթերտամի ծաղիկի լողացող շուկան։

Ամսթերտամի ծաղիկի շուկայ (հոլ.՝ Bloemenmarkt), աշխարհի միակ լողացող շուկան[1] եւ Ամսթերտամի տեսարժան վայրերէն մէկը[2]։

Այստեղ ծաղիկներ սկսած են վաճառուիլ 17-րդ դարուն, երբ առեւտրականները իրենց նաւակներով կ'անցնէին քաղաքին փողոցին երկայնքով լողալով եւ կը վաճառէին ծաղիկներ։ Մինչեւ 1862 շուկան կը գտնուէր Սինթ Լիւսիենուալի մէջ (հոլ.՝ Sint-Luciënwal)` քաղաքին նախկին փոսային հատուածին մէջ։ Երբ փոսը ծածկելու ծրագիրը սկսաւ իրականացուիլ (1889), շուկան տեղափոխուեցաւ իր ներկայի վայրը։ 1862-էն սկսեալ շուկան կը գտնուի Ամսթերտամի Սինկել ջրանցքին մէջ՝ ոչ հեռու Տամ հրապարակէն[3]։

Ծաղիկի խանութները տեղադրուած են ծփացող տաղաւարներու վրայ՝ ծովու ափին[4]։ Մինչեւ 1960-ականները շուկային մէջ վաճառուած գրեթէ բոլոր ծաղիկները թաղարներով էին, իսկ այսօր գլխաւորաբար կը ծախուին քաղուած ծաղիկներ։ Ներկայիս շուկան կը ծառայէ նաեւ իբրեւ զբօսաշրջային տեսարժան վայր։ Այնտեղ կարելի է տեսնել տեղական եւ օտար ծաղիկներ ու բոյսեր, ինչպէս նաեւ՝ գնել յուշանուէրներ։ Շուկային մէջ առատօրէն ցուցադրուած են վարդակակաչները։ Սոխուկները կը վաճառուին փաթեթաւորուած եւ կշիռքով, իսկ տասը հատին գինը միջինը 3-5 եուրօ է[4]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել