Այնթապի Հերոսամարտը (գիրք)


Այնթապի Հերոսամարտը կամ Այնթապի Հերոսական Ճակատամարտը գիրք մըն է Գէորգ Պապոյեանի (անգլերէն՝ Kevork Baboian) գրիչով, Անգլերէնի թարգմանուած է պատմաբան Իւմիթ Քուրթի գիրջով որ կը պատմէ Այնթապի Հերոսամարտը 1920 թուականի Ապրիլին տեղի ունեցած որ տեղի ունեցաւ յարձակող Քէմակլական թուրքերուն եւ քաղաքի Հայ բնակչութեան միջեւ։[1]

Այնթապի Հերոսամարտը
Խմբագիրներ Գէորք Ա․ Սարաֆեան (Հայերէն բնօրինակին խմբագրողն ու հրատարակութեան պատրաստողը, Անգլերէն՝ Kevork A. Sarafian)
Հեղինակ Գէորգ Պապոյեան (Անգլերէն՝ Kevork Baboian)
Սկզբնական վերնագիր Պատմութիւն Անթէպի Հայոց - History of Anteb Armenians (ապա փոխուած՝ Այնթապի Հերոսամարտը)
Թարգմանիչ Իւմիթ Քուրթ (Թրքերէն՝ Ümit Kurt)
Լեզու Հայերէն (թարգմանուած Անգլերէնի)
Հրատարակող Կոմիտաս Հաստատութիւն (ԿԻ) - Gomidas Institute Books
Հրատարակչական թուական
1953 (Հայերէն բնօրինակը), 2017 (Տոքթոր Քուրթ-ի Անգլերէն թարգմանութիւնը)

Այնթապ Քաղաքը

Խմբագրել

Այնթապ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքներէն է եւ կը գտնուի Եփրատի վտակ Սաճուրի ափին: Ի. դարու սկիզբի տուեալներով, ունէր 50 հազար բնակիչ, որուն 20 հազարը հայեր էին: Այնթապցի հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին:

Այնթապի մէջ կը գործէին հայկական վեց եկեղեցիներ. Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին կառուցուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Վարժարաններ` Վարդանեան, Ներսէսեան, Հայկանուշեան եւ աւետարանականներու Այնթապ քոլէճը, իսկ 1912¬ին բացուած է Կիլիկեան ճեմարանը:

Քաղաքը Մարտին նախորդած Մեծ Եղեռնի Օրերուն

Խմբագրել

Այնթապցիք 1915-ին տեղահանուեցան եւ քշուեցան Տէր Զօրի անապատները: Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, Այնթապ անգլիական գրաւումի ենթարկուեցաւ, որմէ ետք, 1919-ին, քանի մը հանգրուանով, այնթապցիք վերադարձան իրենց պապենական օճախները, որոնք թալանուած էին: Այդ ժամանակ Այնթապ ունէր 40 հազար բնակիչ, որուն 18 հազարը` հայեր: Այնթապցիք կազմեցին Ազգային միութիւն, որ դարձաւ տեղական իշխանութիւն:

Ճակատամարտը

Խմբագրել

1920 թուականի ապրիլի 1-ին թրքական կանոնաւոր զօրքի եւ աւազակախումբերու կողմէն Այնթապի հայկական թաղերուն վրայ յարձակելէն ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատունէն արձակուած հրազէնային վեց համազարկով տրուեցաւ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան սկիզբն ազդարարող ազդանշանը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-06-11