Անգինէ (անձնանուն)

Անգինէ, հայկական իգական անուն։ Առաջացած է հայերէն անգին՝ «գին չունեցող, շատ թանկարժէք» բառէն։ Նոր հնարուած անուն է, որ ձեւաւորուած է Եւգինէ, Վերգինէ անուններուն պէս։[1] Գործածուած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ[2]։

Անգինէ
Տեսակ Իգական անուն
Սեռ Իգական
Նշանակութիւն Շատ արժեքաւոր
Ծագում
Ծագման լեզու Հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Կապուած յօդուածներ «Անգինէ» սկսող էջեր

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Ա., Երեւան, էջ 157։
  2. Կարապետեան, Յիշատ․ Սամաթիայի, էջ 245