Անձղնապատի Վանք
Անձղնապատի կամ Անծղնապատի վանք․ Զոյգ անունները ամփոփումն են Անծղն անապատ եւ Անձն անապատ բառերու: Անծղնապատ գրուած է նաեւ Անձղնապատ կամ Յանձնապատ, սակայն կարելի չէ ստոյգ ըսել թէ այս անունները միեւնոյն վանքին կը վերաբերին: Պալեան կը միտի Անձղնապատ եւ Անծղնապատ իրարու հետ միացնել: Նոյն վարկածն ունի՝ նմանապէս Խ. Լեւոնեան: Վարդան Աշխարհագրի գրութեան մէջ յստակօրէն գրուած է թէ Անծղնապատ կը գտնուի Ռշտունեաց գաւառի մէջ: Վարդան կը գրէ՝« Եւ յԸռըշտունեաց գաւառին կան սուրբ ուխտքն Նարեկ, սուրբ Յակովբ, սուրբ Վարդան, սուրբ Թումա, Անձղնապատ, Նկարէն, եւ ի սուրբ Թումայի վանքն կայ մարմին սուրբ Առաքելոյն Թումայի, զոր բերին ի Հնդկաց: Եւ Աղթամար կղզին ի մէջ ծովուն, ուր կայ սուրբ ուխտն խաչն հրաշազարդ, զոր շինեաց Գագիկ թագաւորն Արծրունեաց»: Տեղւոյ այս անորոշութիւնն է հաւանաբար այն կարեւոր պատճառը, որով վանքս կը նոյնացուի այլ եւ այլ վանքերու հետ: Խ.Լեւոնեան զայն կը նոյնացնէ Կարմրակի հետ, մինչ Պալեան զայն կը նոյնացնէ Դիւաբոյն Ս.Յարութիւն վանքի հետ: Փիրղալէմեան, որուն հետեւորդ է եւ Պալեան, Անծղնապատի հետ կը միացնէ Նկարէնի վանքը: Սակայն ինչպէս Վարդան Աշխարհագրի յառաջաբերութենէն ի յայտ կու գայ թէ ան Անծղնապատ եւ Նկարէն իրարմէ կ'անջատէ: Անծղնապատի անունը ցանցառ յիշատակուած է. Յայսմաւուրքի մը յիշատակարանին մէջ կը կարդանք՝ «Գրեալ ի թուին ՊԾԴ (1405) յանապատիս Անծղնապատ ի հայրապետութեան Տեառն Դաւթայ...» Մեր Մատենադարանին Թ. 705 ձեռագրին (Ոսկեփորիկ) մէջ կայ՝ «Յորժամ կարդայք ԶՈսկեփորիկս, Դուք յիշեցէք զԱստուածատրիկս, Որ գրեցի զսուրբ գանձիկս հրամանաւ իմ Վարդապետիս, Ի Տղայութեան ժամանակիս Ի դուռն սուրբ Աստուածածնիս, Ի վանքս մեծ Անձնապատիս, Ընդ հովանեաւ սուրբ Նշանիս»: Ասկէ առաջ կայ անդ՝ «Գծագրեցաւ սուրբ մատեանս ի թվականութեան Հայոց ՊԾԲ ի ցանգալի յանապատիս (անունե ջնջուած) որ ի յԸռամկաց բառից (ջնջուած) ընդ հովանեաւ աստուածընկալ սուրբ Նշանիս ի դուռն սուրբ մաւրն լուսոյ եւ այլ սուրբ եկեղեցեաց ի հայրապետութեան Կիրակոսի...»՝ Անծղնապատի միաբաններէն ծանօթ է «երջանիկ, տօնասէր եւ աղօթարար» Յակոբ վարդապետ Ովսաննացին, որ Քիւրտերէն կը նահատակուի եւ մարմինը կ'ամփոփուի «մերձ գերեզմանին Գրիգորի Նարեկայ վանից»։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Վասպուրական-Վանի Վանքերը, Դկտ. Հ. Համազասպ Ոսկեան, Վիեննա, Մխիթարեան Տպարան, էջ 141-143:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել