Անտալուսական Արաբերէն
Անտալուսական արաբերէն կամ արաբերէն լեզուի անտալուսական բարբառ (արաբ․՝ عربية أندلسية), Փիրենէեան թերակղզիի մէջ արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին ձեւաւորուած ալ-Անտալուս պետութեան (գոյութիւն ունեցած է ժամանակակից Սպանիոյ եւ Փորթուքալի տարածքին) 9-17-րդ դարերուն տարածուած արաբերէն լեզուի բարբառ[1]։ Ռեքոնքիստայի ժամանակաշրջանին սպանացիներու կողմէն խալիֆայութեան վերջին հենակէտ համարուող Կրանատայի ազատագրումէն ետք շուրջ՝ մէկ դարուան ընթացքին, Փիրենէեան թերակղզին կը մաքրուի արաբական ազդեցութենէն։ Սպանիոյ մէջ արաբախօսները կ'աքսորուին եւ հալածանքներու կ՛ենթարկուին այնքան ժամանակ, մինչ սպաներէնը կը դառնայ երկրի գերակայ լեզուն։ Սակայն, անտալուսական սպաներէնի օգտագործումը որոշ աստիճաններով կը շարունակուի ափրիկեան մայրցամաքին մէջ՝ Սպանիայէն աքսորուած արաբալեզու անձերու ջանքերով։
Անտալուսական արաբերէնը ներկայիս կ՛օգտագործուի անտալուսա-արաբական երաժշտութեան մէջ։ Վերջինս զգալի կերպով ազդած է Սֆաքսի, Ֆէսի, Ռապաթի եւ այլ քաղաքային բնակավայրերու բարբառներու ձեւաւորման գործին[2]։ Բացի այդ, ակնառու է անտալուսական արաբերէնի որոշակի ներգործութիւնը մոսարաբերէնի, սպաներէնի, քաթալոներէնի, փործուկալերէնի, դասական արաբերէնի, ինչպէս նաեւ թունիսեան եւ ալժիրական բարբառներու ձեւաւորման վրայ։ Անտալուսական բարբառը 9-15-րդ դարերուն դարձած է ալ-Անտալուսի բանաւոր խօսքի կարեւորագոյն բաղադրիչը։
Վերջին տարիներուն այդ երկրամասի մեծ մասը կը խօսէր արաբերէնով։ Անտալուսական բարբառի բանախօսներու թիւը կը կրճատուի Ռեքոնքիստայի հետեւանքով[3]։ 1567-ին Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփ Բ.-ը կ՛ընդունէ արքայական հրամանագիր, որմով կ'արգիլուի արաբերէնի գրաւոր եւ բանաւոր ձեւերու օգտագործումը թագաւորութեան մէջ։ Անոր կը յաջորդէ մօրիսկներու (սպանաբնակ արաբներ) խոշոր ապստամբութիւնը, որ կը պսակուի անյաջողութեամբ։ Այնուամէնայնիւ, արաբերէնը Սպանիոյ մէջ որոշ քանակութեամբ կը խօսուի մինչեւ 17-րդ դարու սկիզբը վերջ՝ մինչեւ վերջին մօրիսկի արտաքումը Ֆիլիփ Գ. թագաւորի ընդունած հրամանագրով[4]։ Ինչպէս արաբախօս ցանկացած այլ երկիրներու մէջ, այնպէս ալ ալ-Անտալուսի, տարածուած արաբերէնի բառապաշարը եղած է շատ աղքատիկ եւ բաւականաչափ տարբերած է դասական արաբերէնէն։ Անտալուսի արաբերէնը կարգաբանօրէն կը պատկանի արեւմտաարաբական լեզուներու դասին[5]
Անդալուսական արաբերէնի առանձնայատկութիւններ
ԽմբագրելԱնտալուսական արաբերէնի լեզուաբանական համակարգը բաղկացած է երկու հիմնական բաժիններէ՝
- Ընդհանուր տեսական խնդիրներ՝ լեզուի ծագման խնդիրը, լեզուի գործառոյթները, նշանակողի եւ նշանակուողի յարաբերութիւնը, գրական լեզուի եւ բարբառներու փոխազդեցութիւնը, այլ լեզուներէ փոխառութիւնները։
- Արաբերէնի կառուցուածքի մասնաւոր հարցեր՝ շարահիւսութիւն, ձեւաբանութիւն, բառակազմութիւն, իմաստաբանութիւն, հնչիւնաբանութիւն, բառագիտութիւն եւ այլն։
Լեզուի ծագման խնդիրը արաբական լեզուաբանութեան եւ մուսուլմանական աստուածաբանութեան կարեւոր հարցերէն է, որ բուռն քննարկումներու առարկայ էր յատկապէս 9-11-րդ դարերուն եւ կը մեկնաբանուի երկու ուղղութեամբ՝ լեզուն ունի աստուածային ծագում եւ այն հասարակական համաձայնութեան, պայմանաւորուածութեան արդիւնք է։
Շարահիւսութիւն եւ ձեւաբանութիւն
ԽմբագրելՕրինակ | Տառադարձութիւն | Հայերէն թարգմանութիւն |
---|---|---|
لِس كِن تّراني لَو لا ما نانّ بعد |
Կաղապար:Transl (փոխարկուած՝ kîn tarânî) | Դուք ինձ չէք տեսնէր եթե դեռ ոգեշնչուած չէք |
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Corriente, Frederico (1997), A Dictionary of Andalusi Arabic, New York: Brill
- ↑ «C.E.M.A. :: Consultas»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-14-ին
- ↑ Corriente, Frederico (1997), A Dictionary of Andalusi Arabic, New York: Brill
- ↑ Kees Versteegh, et al.: Encyclopedia of Arabic Language and Linguistics, Brill Publishers, 2006.
- ↑ Corriente, Frederico (1978), "Los fonemas /p/ /č/ y /g/ en árabe hispánico", Vox Romanica, 37, pp. 214–18